Գանատահայ ազգային-հասարակական գործիչ՝ Ժան Հալլաճեան կը գրէ ՝
Մակիչի Ոդիսականը
Դաշնակցական տիպարի մը մարմնացումը կը հանդիսանայ կարեւոր մէկ հանգամանքի մը լրացումով, երբ խօսքը ու գործը կը նոյնանան իր մէջ եւ կը վերածուին հոգեպարար լաւայի յորդարատ մշտնջենական ժայթկումի:
Մակիչը, իր կենցաղով ու վարքագիծով, լիովին արդարացուց Ով է Դաշնակցականի մէկ կարեւոր բարեմասնութիւնը, խօսքը եւ կենդանի գործը միախառնելով մէկ ամբողջութեան մը մէջ: Ան հոն էր, ուր ֆիզիքապէս մարտնչելու հայրենիքի կանչը կար: Ներկա՛յ էր, երբ հարկ էր ոգեւորել իր խրամատի ընկերները՝ զարթնեցուցիչ ոգեշունչ ձայնովը:
Իսկ երբ փափուշտը կը հատնէր , իր ահարկու ձայնով՝ ձենով Օհանի ձայնի թնդիւնը գերազանցող, սոսկում կ՛առթէր թշնամեաց ոհմականերուն:
Հոգին կը թեւածէր, եւ այժմ ալ հոն է՛, Սասնայ լեռներում ՝ Մարութա բարձրունքէն ճախրելով կը սլայ դէպի Արցախի Կուսանանց կատարի վերեւ, բարեւելով իր վաղեմի մարտական ընկերներուն, որոնք մշտնջենական մենակութեան մէջ հանգչած են Արցախի բարձունքներուն վերեւ, սարահարթներուն եւ կիրճերուն մէջ, հսկելով հայրենի տարածքը, սպասելով այն պահուն ուր գրկաբաց պիտի ողջագուրուին անմահներոու դարպասին առաջ եւ դափնեաց պսակով զարդարուած, շքերթով՝ Մակիչը պիտի առաջնորդեն հայ մարտիկներու խճողուած աւանդատունը:
Մակիչը՝ իր բնատուր հռետոր ռազմահայրենասիրական երգեցողութեամբ, զուլալ դիւթական ձայնովը, միշտ պիտի հմայէ հայ զանգուածները ու առաւել ե՛ւս պիտի բոցավառէ՝ Հայ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒ բորբոքող հոգիները:
Սգակիր ընկեր,
Ժան Հալլաճեան