Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Կրէկորի Կալիկընը, Հինգշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտեր փոխանակելու Լիբանանի ու Սուրիոյ այժմու կացութեան առնչուած հարցերու շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ դեսպանը նոր ստանձնած է իր պարտականութիւնը, Հայրապետը անոր ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութիւնը՝ ընդգծելով կարգ մը յատկանշական կէտեր։