Պոսթոնի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռը այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 35-ամեակը, որու տարեդարձը պիտի նշուի Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր, 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի սրահին մէջ: Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ հանդիսավարութեամբ «Հայրենիք»ի նախկին խմբագիր Խաժակ Մկրտիչեանի, իսկ օրուան բանախօսն է Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան: Հանդիսութեան համար պատրաստուած է գեղարուեստական հարուստ յայտագիր մը, ուր ելոյթ պիտի ունենայ հանրածանօթ երգիչ Գէորգ Հաճեան:
Նշենք, որ Պոսթոնի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռը հիմնած է ողբացեալ Ժիրայր Ղարիպեանը, 1980 թուականի Հոկտեմբերին: Իր անժամանակ մահէն ետք, Տիկին Եւգինէ Ղարիպեանը, որ Ձայնասփիւռի հիմնադրման առաջին օրէն հանդիսացած է աջակիցը իր կողակիցին, գործնական ամէն առումով, այժմ 25 տարիներէ ի վեր ձեռնհասօրէն կը վարէ Ձայնասփիւռը միեւնոյն ոգիով եւ նուիրումով: Դեռ այսօր, բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով Ձայնասփիւռը կը շարունակէ բերել մշակութային իր անշահախնդիր ծառայութիւնը պոսթոնահայ գաղութին, ամէն Շաբաթ օր հանրութեան հրամցնելով գրական, ազգային, մշակութային եւ հայրենասիրական որակաւոր եւ հետաքրքրական հաղորդումներ, սփիւռքեան այս ափերուն մէջ հասակ առած սերունդներուն հաղորդակից դարձնելով Սփիւռքի ու Հայրենիքի իրադարձութիւններուն, յաջողութիւններուն ու դիմագրաւած հարցերուն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ