Կենսոլորտի պաշտպանութեան նուիրուած գանատական MakeWay ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ալեքս Սարտար իր նոր նախագահը նշանակուած է:
Սարտար առաւել քան 20 տարիներու փորձառութիւն ունի ընկերային շարժումներ, ժողովրդավարական կարգերու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը ջատագովող կազմակերպութիւններու մէջ:
Նախապէս ան պատասխանատու պաշտօններ վարած է Powered by the People, The SEEP Network, CIVICUS եւ Counterpart International կազմակերպութիւններուն մէջ եւ խորհրդատուական սպասարկութիւններ տրամադրած է բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, որոնք աշխարհի տարածքին գործունէութիւն կը տանին:
Ալեքսին առաջին պաշտօններէն մէկը եղած է «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիրի օգնականի պաշտօնը:
Իրան ծնած Սարտար կանուխ տարիքէն բռնած է գաղթականի ցուպը եւ իր կեանքի կազմաւորման տարիներուն մեծ մասը անցուցած է Եւրոպայի մէջ: Անոր այս փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրելու իր նախահայրերուն փորձառութիւնը եւ համայնքին մէջ տարած գործունէութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են անոր նկարագիրի կազմաւորման եւ ապագայ աշխատանքին վրայ: Ան ունի կրթութեան եւ կազմակերպական ղեկավարման ոլորտներուն դոկտորի վկայականը: