image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան-Ատրպէյճան «Թղթածրար»ը պիտի քննարկուի Թուրքիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին

Հայաստան-Ատրպէյճան «Թղթածրար»ը պիտի քննարկուի Թուրքիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին

Յուլիս 30-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ անվտանգութեան խորհուրդի տարուան չորրորդ նիստը։ 

Մերձիշխանական Türkiye gazetesi թերթը նշած է, որ անվտանգութեան խորհուրդի նիստին պիտի քննարկուի Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ «ժամանակ առ ժամանակ աճող լարուածութիւնը»։

Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին օրակարգային հարցերու շարքին պիտի ըլլան Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական ճանչցուած «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) զինաթափման գործընթացը, Սուրիոյ մէջ տեղի ունցող վերջին իրադարձութիւնները, ռուս-ուքրանական հակամարտութիւնը եւ եւրոպական արտադրութեան Eurofighter կործանիչներու գնման վերաբերեալ հարցերը։