image

Ճափոնի ափերուն ցունամիի ալիքներուն հետեւանքով կէտձուկեր ափ շպրտուած են

Ճափոնի ափերուն ցունամիի ալիքներուն հետեւանքով կէտձուկեր ափ շպրտուած են

Ճափոնի Չիպա քաղաքապետութեան մէջ ցունամիի մասին նախազգուշացումէն ընդամէնը քանի մը ժամ անց ալիքներն ափ նետած են քանի մը կէտձուկ, հաղորդած է NHK-ն:

Աւելի վաղ Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կործանիչներ, պարեկային ինքնաթիռներ եւ ուղղաթիռներ օդ բարձրացուցած է՝ Քամչաթքայի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի պատճառով երկրին սպառնացող ցունամիի վերահսկողութեան համար։

Նշենք, որ Քամչաթքայի մէջ հզօր երկրաշարժէն ետք ցունամիի նախազգուշացում յայտարարուած է Քուրիլեան, Հաւայեան կղզիներուն մէջ, Ճափոնի եւ Ալասքայի մէջ: