image

ՊՆ-ն հերքած է Ջերմուկի մէջ հայկական դիրք գրաւելու մասին տեղեկութիւնները

ՊՆ-ն հերքած է Ջերմուկի մէջ  հայկական դիրք գրաւելու մասին տեղեկութիւնները

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է մամուլի մէջ շրջանառուող տեղեկութիւնը, թէ իբր «Ջերմուկի ուղղութեամբ բանակային դիրք գրաւուած է»։

«Տեղեկութիւնը չի համապատասխանում իրականութեանը»,- դիմատետրեան իր էջին յայտնած է ՊՆ մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսեանը:

Պաշտպանական գերատեսչութենէն կը յորդորեն զերծ մնալ կեղծիք եւ ապատեղեկատւութիւն տարածելէ։

«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը լրագրողական առաջին իսկ հարցմանն ի պատասխան հերքել է այդ տեղեկութիւնը»,- գրած է Թորոսեանը: