image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին տուեալներ Սույտայի հայկական համայնքին մասին

Վերջին տուեալներ Սույտայի հայկական համայնքին մասին

 Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

Սուրիոյ Սուայտա նահանգին մէջ իրավիճակը համեմատաբար խաղաղ է, եւ սպասողական։ 

 Հազարաւոր մարդիկ կը սպասեն, որ առողջապահական պիտանի օգնութիւնները քաղաքի կեդրոն հասնին, մինչ նահանգի սահմանային հատուածներուն տեղի կունենան փոխ-հրաձգութիւններ։ 

 Ի դէպ այս բոլորի լոյսին ներքոյ վերջապէս ինծի յաջողուեցաւ կապ հաստատել Սուայտայի հետ ուղղակի կապ ունեցող հայու մը հետ, որ կարեւոր մանրամասննութիւններ ներկայացուց տեղի հայերուն մասին։ 

 Ի դէպ նոյն առումով երէկ լսողաց եղաւ, որ Դամասկոսի ՀՀ դեսպանատունը կապ հաստատած է մեր հայրենակիցներուն հետ, եւ առաջարկած իր ծառայութիւնները զիրենք դուրս բերելու եւ փոխադրելու համար մայրաքաղաք՝ Դամասկոս։ Սակայն այս առումով վերջնական որոշում մը դեռ գոյութիւն չունի։ Վիճակը այս օրերուն համեմատաբար հանդարտ է  քաղաքի կեդրոնին ուղղութեամբ հրթիռարձակումները գրեթէ դադրած են, սակայն ինչպէս նշեցի, այդ նահանգի «դռներու»ն հրաձգութիւնները եւ պատասխան կրակոցները կը շարունակուին։ 

 Ինչպէս Սուրիոյ տարբեր տեղանքներու պարագային, Սուայտայի մէջ եւս հայերը ունին անցեալ եւ մեծ «կենսագրութիւն»։ 

 Ահա եւ հետեւորդներուս եւ ընկերներուս կը ներկայացնեմ աղբիւրիս բառ առ բառ պատմածները Սուայտայի հայերուն մասին։ 

«Տեղի ունեցածը պատերազմ է բառին բուն իմաստով, որ անակնկալ ձեւով սկսած է եւ դժբախտաբար որեւէ մէկը չի հասկնար ինչ եւ ինչու: Ականատես կ'ըլլան հրաձգութեան, յարձակումներու, սպանութիւններու, եւ այս առումով ալ փողոցներուն մէջ երեւելի են հարիւրաւոր դիակներ։Բոլորը անհամբեր կը սպասեն օժանդակութեան, առողջապահութեան կեդրոններու վերաշխուժացման: Մէկ կողմը կ'ըսէ, թէ մարդասիրական օժանդակութիւն կը հասնի քաղաք, միւս կողմէն կը հերքեն այդ լուրը: Կենցաղային պայմանները վատ են, ջուրը կտրուած է, ելեկտրականութիւնը անջատուած: Ընտանիքներ ապաստան գտած են յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ:

Ներկայիս քաղաքը մասամբ հանդարտ է եւ մարտերը քաղաքի շրջակայքն են: Բայց առաջին օրերուն բուռն յարձակումներ եղած են ուղղակի քաղաքին վրայ: Դեռ վիճակը անկայուն է:

Ինչ կը վերաբերի Սուայտա նահանգ բնակող հայ ընտանիքներուն, ներկայ կտրուածքով ճշգրիտ տեղեկութիւն չեմ կրնար տալ մնացողներուն մասին, նկատի առնելով ճամբորդողներուն հարցը, բայց կը կարծեմ որ մնացող ընտանիքներու թիւը չի գերազանցեր 10-ն : Չկայ հայկական եկեղեցի, կը յաճախեն միւս համայնքներու եկեղեցիները: 

Այս ընտանիքները այստեղ կ'ապրին, եւ պատերազմին, նախկին ռեժիմի օրերուն, վիճակը շատ վատ ըլլալով հանդերձ անոնք չեն ձգած ու հեռացած իրենց բնօրրանէն։ Վերջին իրադարձութիւններուն անոնք ալ միւսներուն պէս վնասներ կրած են:

Հայ ընտանիքներէն մին բնիկ Քեսապէն են Պաղճաղասէն, իսկ մնացածը բնիկ Սուայտայէն են եւ կը կոչուին սուայտահայեր, անոնցմէ շատեր գաղթած են, մաս մը Դամասկոս փոխադրուած, մաս մը արտասահման: Մօտաւոր 10 գլխաւոր ընտանիքներ կան, որոնք մնացած են, այստեղ ամուսնացած, անշուշտ կան խառն ամուսնութիւններ, զաւակները հոս կ'ապրին, կը զբաղին տարբեր տեսակի գործերով։ Սույտահայերուն մէջ պատկառելի է բժիշկներու պարագան , որոնք «ներս ու դուրս» ընելով կը ծառայեն եւ Սուայտայի եւ անոր շուրջ գտնուող գաւառներուն մէջ։ Կան դեղագործներ, ինքնաշարժներու նորոգութեամբ եւ տարբեր տեսակի արհեստներով զբաղողներ: Նոյնիսկ Սուայտայի գիւղերէն մէկուն՝ Սալխատի մէջ կայ հայ ընտանիք մը, որ վաճառականութեամբ կը զբաղի: 

Ներկայիս անոնց հետ կապ հաստատելը դժուար է, բայց երբեմն երբեմն կը գրեն անձնական պատգամներ իրենց հարազատներուն, որ իրենք լաւ են եւ չեն ենթարկուիր հալածանքի»։