image

Թուրքիա. Հայկական երաժշտական խումբին մասնակցութեան դէմ արգելք դրուած է

Թուրքիա. Հայկական երաժշտական խումբին մասնակցութեան դէմ արգելք դրուած է

Թուրքիոյ Թունճելիի նահանգապետարանը արգիլած է հայկական «Վերադարձ» ժողովրդական խումբը ելոյթ ունենալ Մունզուրի 23-րդ մշակոյթի ու բնութեան փառատօնին։

Այս մասին գրած է ermenihaber.am:

Նահանագապետարանի հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ «Վերադարձ» երաժշտական խումբը մասնակցած էր 2019-ի 19-րդ Մունզուրի մշակոյթի եւ բնութեան փառատօնին եւ միջոցառման ծածանած Հայաստանի դրօշը։ Այդ ներկայացուած է որպէս միջոցառման սահմանուած նպատակներէն շեղում։

Բացի այդ նահանգապետարանն «ահաբեկչութեան քարոզչութեան» համար արգիլած է նաեւ երկու ոչ հայկական խումբի մասնակցութիւնը փառատօնին։ Խումբերը միայն վերջին պահուն զգուշացուած են, որ արգիլուած է անոնց ելոյթը։

Ծագումով զազա թուրք երաժիշտ Միքայիլ Արլան անդրադարձած է կատարուածին ու նշած, որ հայաստանեան խումբը արգելքով պայմանաւորուած ստիպուած եղած է վերադառնալ Վանէն։ Ան նշած է, որ խումբը  վերադարձած ատեն կատարած է քիւրտ յայտնի երաժիշտ Ռենչպեր Էզիզի կատարումներէն։ Ըստ Արլանի՝ նահանգապետարանը կրկին խոչընդոտած է լեզուներու, մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու միահիւսումը:

«Բայց մենք պիտի շարունակենք բարեկամութեան կամուրջներ կառուցել մեր հին հարեւաններուն, մեր եղբայր ժողովուրդին՝ հայերուն հետ, որոնք աւելի քան մէկ դար արմատախիլ եղած են: Ո՛չ ճնշումները, ո՛չ ալ արգելքները չեն կրնար խոչընդոտել բարեկամութեան եւ վստահութեան կամուրջներու կառուցումը»,-նշած է ան։