Հաւայեան կղզիներու իշխանութիւնները կոչ ըրած են բնակիչներուն լքելու ափամերձ տարածքները՝ Քամչաթքայի մօտակայքը տեղի ունեցած հզօր երկրաշարժէն ետք՝ ցունամիի սպառնալիքի պատճառով, հաղորդած է ABC News-ը։
Հաւայեան կղզիներուն մէջ տագնապի առաջին ազդանշանները հնչած են ժամը 15:23-ին (Երեւանի ժամանակով ժամը 05:23): Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնները զգուշացուցած են, որ ալիքը կրնայ հասնիլ Հանալեյին ժամը 19:10-ին (Երեւանի ժամանակով ժամը 09:10): Ազգային օդերեւութաբանական ծառայութեան տուեալներով՝ կղզիի ամբողջ ափամերձ գիծը սպառնալիքի տակ է: Վտանգը կրնայ երկար ժամանակ պահպանուիլ առաջին ալիքէն ետք:
Ալասքայի մէջ նոյնպէս յայտարարուած է ցունամիի մասին նախազգուշացում: Միացեալ Նահանգներու երկրաբանական ծառայութիւնը Քամչաթքայի ափերու մօտ երկրաշարժի առաւելագոյն աստիճանը գնահատած է 8,8:
Նշենք, որ Քամչաթքայի ափերու մօտ տեղի է ունեցած է 8,7 աստիճան ուժգնութեամբ հզօր երկրաշարժ։ Այն ամենաուժեղն էր 1952 թուականէն ի վեր:
Քուրիլեան բոլոր կղզիներու համար յայտարարուած է ցունամիի սպառնալիք։
Նշուած է, որ զօրաւոր յետցնցումները պիտի շարունակուին առնուազն մէկ ամիս:
Ցունամիի վտանգ յայտարարուած է նաեւ Ճափոնի մէջ։ Երկրի կառավարութիւնը կոչ ըրած է որոշ շրջաններու բնակիչները տարհանելու։