image

Պորելի կոչը ՝ «Հուսիներ»ուն. «Հանդարտեցէ՛ք»

Պորելի կոչը ՝ «Հուսիներ»ուն. «Հանդարտեցէ՛ք»

Եւրոյանձնաժողովի փոխնախագահ, Արտաքին յարաբերութիւններու գծով բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելը Եւրոմիութեան անունով հուսիներուն զսպուածութեան կոչ ըրած է: Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Եւրոպական Միութեան կայքէջին մէջ։

«ԵՄ-ն հուսիներուն զսպուածութեան կոչ կ՚ընէ Կարմիր ծովուն եւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ հետագայ մագլցումը կանխելու համար»,-նշուած է Պորելի յայտարարութեան մէջ։

Անոր խօսքով՝ Եւրոմիութիւնը կ՚ողջունէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ Կարմիր ծովուն մէջ յարձակումները դատապարտող 2722 բանաձեւի ընդունումը:

Միեւնոյն ժամանակ Պորելն ընդգծած է պետութեան իրաւունքը՝ պաշտպանելու իր նաւերը հուսիներու յարձակումներէն։