Օրերս տօնական մթնոլորտի մը մէջ յատուկ յուշանուէր մը յանձնուած է համայնքի նուիրեալ եւ սիրուած գործիչներէն, բնիկ պոլսահայ Տիար Մկրտիչ Սերթշիմշէքին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակաից «Ժամանակ»էն, որ մանրամասն լրատւութիւն մը կատարած էր այդ գեղեցիկ օրուան եւ առիթին մասին։
Մեր լաւագոյն մաղթանքները կը յղենք պարկեշտ հայուն, նուիրեալ պոլսեցի՝ Մկրտիչ Սերթշիմշէքին եւ ստորեւ կը ներկայացնենք եղած լրատւութիւնը։
Հոգեգալուստի տօնին, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի կիզակէտին էին Պէյօղլուի արարողութիւնները։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձը նշուեցաւ աւանդական շուքով։ Եկեղեցական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր եկեղեցին, ուր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատարագեց եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Առընթերակայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշ, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնութեան գիր մը տուաւ Լեւոն Սրկ. Գույումճեանին, նաեւ դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց՝ Կիրակոս Քարանֆիլօղլուին, Տանիէլ Տեմիրճիին, Կարպիս Տէրտէրեանին եւ Սարվէն Քալճեանին։
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ եւ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։ Մինչ պատարագիչ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թափօրով, «Կենդանարար Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ տաճարէն դուրս առաջնորդուեցաւ, արձակման աղօթքին ժամանակ ալ սպիտակ աղաւնիներ արձակուեցան՝ ի նպաստ խաղաղութեան։
Սիրոյ Սեղան
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին այս փուլին տեղ առաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հիւրերու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան, համայնքային վարիչներ, բարերարներ, հասարակական գործիչներ, Պէյօղլուի ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ այլ դէմքեր։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Էսաեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Մարալ Սաթարի հանդիսավարութեամբ։ Հայկ Քեչեճիի երաժշտական կատարումներէն վերջ թաղային խորհուրդին անունով արտայայտուեցան ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան, Ռաֆֆի Սիւզմէ եւ Այգ Նալպանտղազարօղլու։ Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Սեւան Սվաճըօղլու եւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Բացի Սարգիս Տեմիրի ներկայացուցած բանաստեղծութիւններէն, գեղարուեստական բաժնին մէջ Էսաեան վարժարանէն Արիս Եիւզպաշեան, Մինէ Մկրտիչեան եւ Հարի Վերմիշեան հանդէս եկան արտասանութիւններով։
Աքսէլ Թոփալեան յուշանուէրներ յանձնեց Լեւոն Գույումճեանին եւ Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքին, որ եկեղեցւոյ սպասներու խնամքը իրականացուցած էր։
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։ «Միասնաբար շարունակենք մեր պապերու ճանապարհորդութիւնը՝ որպէս հայ քրիստոնեայ», ըսաւ ան։ Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութիւնը յորդորեց, որ թրքահայ հաւաքական կեանքի առկայ խնդիրները պէտք չէ պատճառ դառնան, որ մարդիկ ետ մնան համայնքային կեանքին մասնակցելէ։