image

Պոլսոյ մէջ. Երգչուհի Մարալ դարձեալ կը փայլի

Պոլսոյ մէջ. Երգչուհի Մարալ դարձեալ կը փայլի

Տարբեր առիթներով «Արեւելք» գրած է պոլսահայ երգչուհի՝ Մարալ Այվազին մասին, անոր տաղանդին, համադրող ներկայութեան ու գեղեցիկ ձայնին մասին։

Օրերս մեր հայրենակցուհին փայլուն ելոյթ մը ունեցած է եւ այդ մասին  գեղեցիկ տողեր շարադրած է Պոլսոյ հայկական պարբերականը՝ «Նոր Մարմարա»ն։

Ստորեւ այդ մասին Ն. Ս. ստորագրութիւնը կրող գրութիւնը։

Երգ-երաժշտութիւնը միշտ կրնա՞յ վայելք ստեղծել։ Այս հարցումը յաճախ կուտանք մենք մեզի, երբ հրաւիրուած կ'ըլլանք համերգի մը եւ կ'ակնկալենք առաւելագոյնը ստանալ՝ որպէս արուեստ, որպէս մատուցում։ Յաճախ նաեւ հիացումով կը խօսինք սա կամ նա օտար կամ տեղացի երգիչ-երգչուհիի սարքած համերգի մասին, ակամայ չանդրադառնալով որ մենք եւս «մե՛ր»ը, «մերիննե՛ր»ը ունինք, մեր անմիջական միջավայրին մէջ կան արուեստի այն հաւատարիմ դեսպանները, որոնք հա՛յ երգի մեծ սիրահարներն են ու այդ երգով կը ծառայեն, այդ երգը կը տարածեն զանազան բեմերու վրայ։

Այդպիսի սիրայօժար դեսպաններէն մէկն է քաղցրաձայն երգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու, որուն երէկ գիշերուան համերգը Մայիսեան տօն մը դարձաւ հարիւրաւոր մշակութասէրներու համար։ Մոռցանք օրուայ տաղտուկն ու յոգնութիւնները, գոնէ երկու-երեք ժամուայ համար երգն ու երաժշտութիւնը, տիրականօրէն բոյն դրին մեր սրտերուն մէջ, չթողլով որ ուրիշ որեւէ բանի մասին մտածէինք կամ նոյնիսկ «համարձակէինք» տարուելու այդ մտածումներէն։ Երգն ու երաժշտութիւնը վայելեցինք գեղեցիկ մատուցումով ու երգիչ-նուագածու բեմական «երկխօսութիւններ»ու հոյակապ շարքով եւ աւելի իմաստալից այն զգացականութեամբ, որ բարեգործութեան պիտի ծառայէր համերգի հասոյթը ու պիտի տրամադրուէր Գալֆաեան վարժարանի ու աղիտեալ Վագըֆգիւղի կարիքներուն։

Մարալի անոյշ ձայնը ունկնդրելուն հետ միաժամանակ հաւաքական ապրումներու հերթական արարով հաղորդակցուեցանք իրարու հետ, վայելեցինք «Առագաստ» նուագախումբի բարձրարուեստ նուագակցութիւնը, ներքուստ քանիցս ու քանիցս հաստատեցինք որ համերգի յաջողութեան մէջ անուրանալի էր երաժիշտներու վարպետ կատարողականութիւնը, իսկ լեփ լեցուն սրահը ահաւասիկ դարձած էին համերգի կարգադիր յանձնախումբի քանի մը ամսուայ անխոնջ ջանքերու գրաւականն ու պսակումը։

Եւ այսպէս, երէկ գիշեր բոլորս նոյն ժամադրութեամբ հաւաքուած էինք «Ճէմիլ Ճանտաշ» համերգասրահին մէջ՝ Մարալի համերգը դիտելու, հաւաքական ապրումներու հերթական արարով հաղորդակցուելու, յետոյ համերգով, սիրոյ կամարով ստեղծուած անո՜յշ տպաւորութիւնները վայելելու համար։ 

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր ներկայութեամբ պատուեց ձեռնարկը, ընկերակցութեամբ Պէյօղլուի եկեղեցեաց քարոզիչ՝ Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, գաւազանակիր Գասպար Աբղ. Կարապետեանի, Պատրիարքական Փոխանորդ Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի ու հոգեւոր դասու այլ ներկայացուցիչներու։

Պէյօղլուի ընտանիքի գրեթէ բոլոր անդամները, Ատենապետ Աքսէլ Թօփալեանի գլխաւորութեամբ, հոն էին, որովհետեւ Մարալը «իրե՛նց»ն էր, հասած էր «Լուսաւորիչ» երգչախումբի ծոցէն, այդ երգչախումբի մենակատարուհին էր տարիներու փորձառութեամբ ու եկեղեցւոյ մէջ Դպրաց դասի անդամի հաւատաւոր դիմագծով։

Ամէն շրջանակէ, ամէն թաղէ մշակութասէրներ կային սրահին մէջ, եւ ուրեմն կարելի ըսել որ «համայնքին նուիրուած երգարուեստի տօն» էր՝ ամենատարբեր «նպատակ»ներով. մէկուն համար պարզապէս հայկական երգ, միւսին համար երգի մատուցման, ընկերացող նուագակցութեան ներթափանցելու առիթ, երրորդին համար ներդաշնակ ընտրութեամբ երգարուեստի ունկնդրութիւն, յետոյ այդ ճամբով աւելիի՝ ինքնութեան հերթական հաստատում, այսինքն հաճելին արուեստին միացնելով, ազգայինի հետ թաթախելով՝ ներկայանալի մատուցում։

Չորս տարի առաջուայ համերգի Մարալէն, աւելի կատարեալ Մարալ մը տեսանք բեմին վրայ ու շատ սիրեցինք ա՛յս Մարալը, աւելի փորձառու, բեմին վրայ աւելի անբռնազբօս Մարալը, իր կատարողականութեան ընդմէջէն բեմի ու սրահին միջեւ ստեղծուած աներեւոյթ կապը, երաժշտութեան որակաւոր երանգները։ Երգչուհիի քաղցրալուր ձայնը բեմն ու սրահը լեցուցին, բառերն ու երաժշտութիւնը՝ մեր սիրտերը, առանց պատերազմի աշխարհ, մանուկներուն համար խաղաղ երկինք, ազատ ու անկախ Հայաստան պատգամներով տոգորուած արտայայտութիւնները՝ համերգի անգիր կարգախօսները։

Ի՞նչ կրնանք ըսել յայտագրի մասին։ Անվարան այն որ երգացանկի կտորները շատ լաւ ընտրուած էին, ապահովելով դանդաղ կամ արագ կշռոյթով երգերու սահուն անցումը։ Համերգի առաջին վայրկեաններու յուզումը, Մարալի յաջորդող կատարումներու ընթացքին անմիջապէս իր տեղը թողուց երգերով «ապրելու» վայելքին։ Երգչուհիի ոգեւորութիւնը թել առ թել փոխանցուեցաւ հանդիսականներուն, ստեղծելով անմիջական հաղորդականութեան եւ երգերու սրտախօսիկ մեկնաբանութեան աշխոյժ մթնոլորտը։ Ուրախ էինք, երգն ու երաժշտութիւնը ընդելուզուելով ու ներդաշնակութեամբ տիրական էին ու մենք այդ վայելքը կ'ապրէինք, մինչեւ վերջին պահը, մինչեւ այն վայրկեանը, երբ համերգը վերջացած էր...։

Երկարատեւ ծափերը Մարալի այս նոր համերգի յաջողութեան մեծ գրաւականն էին, «Առագաստ» նուագախումբի հետ երկար ամիսներու փորձերու եւ աշխատութեան փայլուն արգասիքը, կերտուած՝ հարազատութեան արմատներուն, ինքնութեան ակունքներուն վրայ։

Հսկայական աշխատանք տարուած էր բեմը հանդիսականին «ընկալելի» դարձնելու համար։ Մեծադիր էքրաններուն վրայ տողանցք մը կար, կը ցոլանային Մարալն ու այն նուագածուները, որոնք «դեր» ունէին երգի մէջ ու մենակատարութեան բաժին մը։ 

 

«Առագաստ»ի գեղարուեստական խմբավար Արի Հերկել երաժիշտի իր տաղանդը ներդրած էր բեմին վրայ, կատարելով ո՛չ միայն երգերու գործիքաւորումը այլ նաեւ իւրաքանչիւր երգի մէջ «յառաջ մղելով» նուագածուի մը կատարումը։ Քանոնահար Սեւան Ինեափանի հրաշագործ մատները «կը պարէին» լարերուն վրայ, ջութակի ձայները տարբեր հմայք մը կուտային երգերուն՝ շնորհիւ Մէթէհան Տատային, հարուածային գործիքներն ու թմբուկները տեղ-տեղ «գլուխ կը բարձրացնէին» ու կը բազմապատկէին երգերուն առթած տպաւորութիւնները՝ Ռաֆֆի Տէր Գէորգեանի ու Արտա Ույարի կատարումով, Ռոպէր Տօղանայ՝ դաշնակի ստեղնաշարի վրայ հմուտ խաղերով ու կատարողական վարպետութեամբ, Արի Հերկել, Թայիս Մութլու կիթառներով ու ի վերջոյ՝ Սերենա Քօչաք-Աւշարօղլու՝ «պէքվոքալ»ով կ'ամբողջացնէին երաժշտութեան ներդաշնակութիւնը։ 

Բեմին վրայ Մարալի ինքնավստահութիւնը ծնունդ կ'առնէր ահաւասիկ երաժիշտներէն իրեն հասնող «համադրութենէն», փաստելով որ հայկականութեան շունչը եւ սիրազեղ ապրումները բուն հմայքն էին բոլոր կատարումներուն մէջ։

Եւ Պարէ՜տը... Մարալի մէկ հատիկ զաւակը, տաղանդաշատ պատանին, որուն անունը որպէս խոստմնալից դաշնակահար յաճախ կ'անցնի մեր թերթի էջերուն վրայ։ Երէկ գիշեր Պարէտի ելոյթը ասուպի մը, աստղի մը նման իսկապէս նուէր էր թէ՛ իր մօր, թէ ներկաներուն։

Չհասկցանք թէ ինչպէս վերջացաւ համերգը, «ափսոս որ վերջացաւ» ըսինք մենք մեզի, երբ բեմ հրաւիրուեցան կազմակերպիչները, ծափահարուեցան Մարալն ու նուագածուները։

Պատրիարք Հօր սրտի խօսքը իմաստալից էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ որ համայնքին «պատասխանատուութեան» կը մնայ կա՛մ Մարալը «պատեանին մէջ պահելու», կա՛մ անոր ձիրքերուն թեւեր տալու, զայն սիրողական երգիչէն արհեստավարժ երգիչ դարձնելու հարցը։ «Եթէ զօրակցինք, եթէ օգնենք, Մարալը կրնայ որպէս Պոլսահայութեան հարազատ զաւակ հայ երգը տարածել սփիւռքի մէջ, այլ բեմերուն վրայ», նշեց Պատրիարքը, մեծապէս գնահատելով նաեւ բոլոր անոնք, որոնց միասնական աշխատութեամբ սարքուած էր համերգը եւ ծառայած իր նպատակին՝ հայ երգի ճամբով ինքնութեան վերարժեւորումին։

Մենք եւս մեր անկեղծ զգացումներն ու տողերը կը միացնենք գնահատանքի այդ արտայայտութիւններուն եւ կ'ըսենք «ձայնդ անսպառ սիրելի Մարալ»...։