image

Պոլսոյ մէջ. «Ակօս»ի խմբագիր՝ Բագրատ Էսդուգեան անպարտ արձակուեցաւ

  Պոլսոյ մէջ.  «Ակօս»ի խմբագիր՝ Բագրատ Էսդուգեան  անպարտ արձակուեցաւ

Օրերս  Պոլսոյ  հայկական «Ակօս» պարբերականի  հայկական էջերու  խմբագիր ՝ Բագրատ Էսդուգեան  դատական նիստի  աւարտին անպարտ արձակուած է։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ  «Ակօս»էն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

«Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու խմբա­գիր Բագ­րատ Էս­դուգեանի դէմ յա­րու­ցո­ւած դա­տավա­րու­թիւնը աւար­տին հա­սաւ։

2 Փետ­րո­ւար ուրբաթ օր, Իս­թանպու­լի 30-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեանի մէջ կա­յացող նիս­տին Էս­դուգեան մեր­ժեց իրեն վե­րագ­րո­ւած «ահա­բեկ­չութեան քա­րոզ­չութիւն» մե­ղադ­րանքը, ըսե­լով թէ իբ­րեւ գրող զինք պա­տաս­խա­նատու կը հա­մարէ գոր­ծա­ծած լե­զուի հան­դէպ։ «Իմ հո­գը չէ իշ­խա­նու­թիւննե­րու որ­դեգրած կո­չումնե­րը, ես պա­տաս­խա­նատու եմ լե­զուն ճիշդ գոր­ծա­ծելով։ Այդ ճշգրտու­թեան ապա­ցոյցն ալ թրքե­րէնի հիմ­նա­կան բառ­գիրքն է» ըսաւ Էս­դուգեան։

Դա­տակազ­մը ան­պարտ հռչա­կեց Էս­դուգեանը եւ այլ յօ­դուա­ծագիր Էմ­րան Էմէք­չին, իսկ մէկ տա­րի 21 ամիս ազա­տազրկման վճռեց «Տե­մոք­րա­թիք Մո­տեր­նի­թէ» պար­բե­րակա­նի հրա­տարա­կու­թեան վա­րիչ Ռա­մազան Եուրթթա­փանի դէմ։