image

Պոլսոյ Կուսակալը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան

Պոլսոյ Կուսակալը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան

Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ այցելած է Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան եւ ընդունուած Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի կողմէ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի դիւանը Դիմատետր-ի վրայ կը հաղորդէ որ երէկ, 8 Յուլիսի յետմիջօրէին, Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ այցելեց Կաթողիկէ առաջնորդարան։ Իրեն կ'ընկերանար նաեւ Պէյօղլուի գաւառապետ Ճան Աքսոյ։

Հիւրերը ընդունուեցան Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի կողմէ, Առաջնորդարանի աւագ դահլիճին մէջ։ Ներկայ էին Գերյ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, եկեղեցական ամբողջ դասը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներն ու ատենապետը՝ Ենալ Սուճի, ինչպէս նաեւ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պր. Պեռնար Սարըպայ։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտին մէջ, կատարուեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում։