Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) երիտասարդութեան նուիրուած 105րդ Տարեժողովի ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 19, Լաւալի մէջ, հանդիսավարութեամբ Րաֆֆի Շնորհօքեանի՝ Գանատայի Պաշտպանութեան եւ ապահովութեան ծրագիրներու տնօրէն։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`
Փրեմըս, Նիւ Ճըրզի.- Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) 105րդ Տարեժողովի ճաշկերոյթը՝ նուիրուած մեր երիտասարդութեան, տեղի պիտի ունենայ Sheraton Laval Պանդոկին մէջ (Laval, Quebec, Canada), Հոկտեմբեր 19, 2024ին, հանդիսավարութեամբ Րաֆֆի Շնորհօքեանի՝ Գանատայի Պաշտպանութեան եւ ապահովութեան ծրագիրներու տնօրէն (Director, Defense & Security Programs at CAE)։
Րաֆֆի Շնորհօքեան
Հիմնուած Աստուածաշունչի յաւերժական իմաստութեան վրայ, որ մեզի կը սորվեցնէ վաղ մանկութեան ուսուցումը, AMAA-ը կը համագործակցի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու եւ հաստատութիւններու հետ՝ կրթելու մանուկները իրենց կանուխ հասակէն, անոնց առիթը տալով յաճախելու որակեալ դպրոցներ եւ ներգրաւուին տարբեր ծրագիրներու մէջ, ինչպէս Կիրակնօրեայ դպրոցներ, երիտասարդական ծրագիրներ եւ ճամբարներ, ուր անոնք կը կրթուին տոգորուած աստուածաշնչային ուսուցմուներով, կը սորվին իրենց հայկական ժառանգութեան մասին եւ կը զարգանան ընկերային հմտութիւններով՝ շփուելով իրենց հասակակիցներուն հետ եւ մշակելով երկարատեւ բարեկամութիւններ: Այս ապահով եւ սնուցող միջավայրերուն մէջ անոնք կը զարգանան ինքնութեան ուժեղ զգացումով եւ խորացնելով իրենց հաւատքը, կը փարին իրենց քրիստոնէական արժէքներուն եւ կ՛աճին հայրենասիրութեամբ:
AMAA-ը առանցքային դեր կ՛ունենայ անոնց ուսման եւ անձնական զարգացման մէջ սէր արթնցնելով եւ առաջնորդելով զանոնք՝ ըլլալու հասուն եւ հայ համայնքին իրենց բաժինը բերող անդամներ:
Ճաշկերոյթի յանձնախումբը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Գանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ Րաֆֆի Շնորհօքեան պիտի ըլլայ հանդիսավարը այս ճաշկերոյթին: Ծնունդով լիբանանահայ, Շնորհօքեան իր կեանքի ձեւաւորման տարիները անցուցած է Հայ աւետարանական համայնքի սնուցող միջավայրին մէջ: Ան յաճախած է Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճը եւ աշխուժօրէն մասնակցած է Հայ աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ երիտասարդական ծրագիրներուն: Գանատա հաստատուելէ ետք, անոր ներգրաւուածութիւնը Հայ աւետարանական համայնքին մէջ շարունակուած է Մոնթրէալի Հայ աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ երիտասարդական ծրագիրներուն իր մասնակցութեամբ՝ իբրեւ առաջնորդ: Ներկայիս ան կը ծառայէ սոյն եկեղեցւոյ՝ իբրեւ գանձապահ:
Շնորհօքեան իր մագիստրոսի կոչումը ստացած է ՄէքԿիլ (McGill) համալսարանէն օդատիեզերական (aerospace) ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ եւ կարեւոր պաշտօն կը վարէ օդանաւորդութեան (aeronautics) ասպարէզին մէջ: Անդրադառնալով իր կեանքի ճանապարհին, ան խոր երախտագիտութիւն կը յայտնէ։ «Ես խորապէս շնորհակալ եմ AMAA-ի նպաստած Հայ աւետարանական երիտասարդաց գործունէութիւններուն եւ ճամբարներուն համար, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Գանատայի մէջ: Այս փորձառութիւնները ստեղծեցին ապահով եւ հարստացնող միջավայրեր, որոնք սնուցանեցին իմ հաւատքը եւ նկարագիրը: Կիրակնօրեայ դպրոցը, երիտասարդական եւ այլ ընկերային գործունէութիւնները ոչ միայն հաճելի էին, այլ նաեւ օժանդակեցին զարգացնելու իմ փոխյարաբերութիւններու հմտութիւնները» յայտնեց Րաֆֆի Շնորհօքեան:
AMAA-ի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, անդրադառնալով Հայ աւետարանական հաստատութիւններուն եւ անոնց հիմնադիրներուն խոր ազդեցութեան՝ ըսաւ. «Մենք ականատես ենք մեր հաստատութիւններուն եւ անոնց առաջնորդներուն նկարագիր կերտող ազդեցութեան։ Մեր ընկերակցութեան 105րդ Տարեժողովի ճաշկերոյթը սպասուած իրադարձութիւն մըն է, ուր մենք մեր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցենք վեր. Յակոբ Մանճըլըքեանին, գնահատելով անոր լայնածաւալ եւ նուիրուած ծառայութիւնը, որ հարստացուցած է բազմաթիւ երիտասարդներու կեանքերը: Ասիկա առիթ մը պիտի ըլլայ համաշխարհային AMAA-ի ընտանիքին հետ ոգեկոչելու մեր երիտասարդութիւնը»:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք հեռաձայնել AMAA-ի կեդրոնատեղին (201) 265-2607 թիւին, կամ այցելել ընկերակցութեան կայքը։