«Արեւելք» (Պէյրութ),- Մարոնիներու եկեղեցին ցնծութեան մէջ է այս օրերուն։
300 Տարուան սպասումէ ետք այդ եկեղեցւոյ փայլուն եւ նուիրական դէմքերէն հանդիսացող Իսթֆան Տուայհի Պատրիարքը երանելիութեան կոչում ստացած է։
17-րդ դարու վերջէն, Հիւսիսային Լիբանանի Էհտէն քաղաքի բնակիչները սպասած են այս օրը եւ երազած այդ մասին սերունդէ սերունդ:
Երանութիւնը կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ պատուոյ երրորդ աստիճանն է այն հաւատացեալներուն համար, որոնք ապրած են արդար կեանքով եւ կատարած բարեպաշտութեան եւ հաւատքի սխրանքներ:
Սրբադասման խնդրանքը մարդու մը համար կը ներկայացուի Վատիկանի Սուրբերու գործերու բարձր յանձնաժողովին, անհատի մահէն հինգ տարի ետք: Անհատը երանելի հռչակելու համար եկեղեցին պէտք է ապացուցէ, որ անոր բարեխօսութեամբ հրաշք գործուած է, իսկ սուրբ հռչակելու համար պէտք է ապացուցել երկու հրաշք:
Վատիկանի հաստատումէն յետոյ, Իսթֆան Տուայհի Հայրապետի երանացման պաշտօնական արարողութիւնը սկսած է ուրբաթ երեկոյեան Մարոնի պատրիարքարանի կեդրոնատեղիին ՝ Պքէրքէիի մէջ, հայրապետին ծննդեան 394-րդ տարեդարձին: Ան ծնած է 2 օգոստոս, 1630-ին:
Տօնակատարութիւնները շարունակուած են յաջորդ օրը, իր ծննդավայր Էհտէն քաղաքին մէջ, շնորհակալական պատարագով, որուն մասնակցած են հազարաւոր հաւատացեալներ եւ այս առթիւ Լիբանան ժամանած հիւրեր։