15 Յուլիսին Սուրիոյ մէջ պիտի կայացուին Ազգային Ժողովի («Մաժլէս շաապ») ընտրութիւններ։
Ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը դրած են աւելի քան 11.000 հոգի, որոնք պիտի պայքարին 250 աթոռի համար։
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հայկական համայնքին՝ ըստ «Արեւելք»ի տիրապետած տեղեկութիւններուն, Խորհրդարան հասնելու մեծ առիթ ունին Հալէպի նահանգէն ընտրութեանց մասնակից հայ թեկնածուները, որոնց ամէնէն աւելի հանրաճանաչները կը համարուին՝ Շահէ Մինասեան, Յարութիւն Զգուշեան եւ Մարիա Մանուկ։
Մինչ առաջին երկու թեկնածուները կը համարուին իշխող «Պաաս» կուսակցութեան մօտիկ անձնաւորութիւններ, երրորդ թեկնածուն՝ Մարիա Մանուկ կը վայելէ Հալէպի հայ համայնքապետերուն, հետեւաբար նաեւ եկեղեցիներուն անմիջական զօրակցութիւնը եւ նեցուկը։
Յաջողութիւն մաղթենք բոլոր թեկնածուներուն, ունենալով այն վառ հաւատքը, որ Սուրիան, գլխաւորութեամբ նախագահ Պաշշար Ասատի ի վերջոյ իր ետին պիտի ձգէ բոլոր մակարդակի դժուարութիւնները եւ մուտք կը գործէ բարօրութեան եւ բարգաւաճման նոր ժամանակներ։
Սուրիոյ կայունութիւնն ու ամրութիւնը բոլոր առումներով խթան են մեր ժողովուրդին, իսկ Հայաստան-Սուրիա բարեկամական յարաբերութիւնները օրինակելի են եւ հիմնուած անկեղծ եւ անշահախնդիր ընկալումներու վրայ։