Վլատիմիր Զելենսքին հաստատած է, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը համալրուած է ամերիկեան առաջին F-16 կործանիչներով։
Մատակարարումներու համար նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ի, Դանիայի եւ Հոլանտայի գործընկերներուն:
The Economist պարբերականի տուեալով՝ Ուքրանիա այժմ տասը F-16 կործանիչ ուղարկուած է, կ՚ակնկալուի, որ մինչեւ 2024 թուականի վերջ Քիեւին եւս 20 ինքնաթիռ պիտի տրամադրուի։ Նշուած է, որ ընդհանուր առմամբ, մինչեւ 2025 թուականի աւարտը Ուքրանիոյ զինուժը պէտք է 79 կործանիչ ստանայ։