Լիբանանի «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը երէկ Պէյրութի մէջ եղած ռազմական հարուածէն ետք կը շարունակէ լռութիւն պահել։
Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի «Հըզպալլա»ի կարեւորագոյն քատրերէն համարուող՝ Ֆուատ Շաքարի ճակատագրին մասին, որ ըստ տարբեր աղբիւրներու սպաննուած էր երէկ Իսրայէլի կողմէ տրուած հարուածին հետեւանքով։
Շաքար, որ այսօրուայ դրութեամբ կը համարուի (յայտարարուած) ամենազադեցիկ ռազմական պատասխանատուն, միեւնոյն ժամանակ անդամ է «Ճիհատի խորհուրդ»ին ու նաեւ ռազմական խորհրդատուն է «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլային։
Ըստ մէկէ աւելի արաբ փորձագէտներու Շաքար կը համարուի «Հըզպալլա»ի բոլոր ժամանակներու ամենազդեցիկ ռազմական պատասխանատու Իմատ Մուղնիյաի հիմնական փոխանորդը։
«Հըզպալլա»ի ռազմական գործունէութիւնը հունաւորող անուններու մասին տեղեկութիւնները սակաւ են, իսկ Շաքարի անունը ներգրաւուած էր ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ հրապարակուած «սեւ ցուցակներ»ուն մէջ։