Օրերս Պաղտատի մէջ մահացած է Արշալոյս Խալաթեան-Աւետիսեանը, որ Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի երկարամեայ աշխատակիցներէն էր։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանը խոր վշտով կը գուժէ իր բազմամեայ և վաստակաշատ պաշտօնեայ` Տիկին Արշալոյս Խալաթեան- Աւետիսեանի մահը, որ պատահեցաւ Պաղտատի մէջ, յետ կարճատև հիւանդութեան։
Այս տխուր առիթով, Առաջնորդարանս իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալ Արշալոյսի ընտանեկան պարագաներուն և համայն հարազատներուն, աղօթելով որ Աստուած երկնքի Արքայութեան արժանի ընէ անոր հոգին:
Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, Յուլիսի 5ին ժամը 12։30 ին կէսօր։