image

Արձակուրդ

Արձակուրդ

Եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ, բոլորովին անսովոր երեւոյթ չէ վարչապետին կամ նախագահին հեծանիւով քաղաքին մէջ պտըտիլը կամ գործի երթալը, թէեւ նոյնիսկ հո՛ն զգոյշ ըլլալը անհրաժեշտ է, մանաւանդ Շուէտի վարչապետ Օլաֆ Փալմի դէմ 1986ին կատարուած ահաբեկչական գործողութիւնէն ետք, երբ ան եւ իր կինը դանդաղ կը զբօսնէին քաղաքին մէջ: Ահաբեկիչը անոր եւ կնկան վրայ կրակած էր՝ սպաննելով զայն եւ վիրաւորելով անոր կինը:

Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութ յաճախ տեսնուած է հեծանիւի վրայ. երեւոյթ մը, որ երկրին հեծանիւի գործածութեան հետ խոտոր չի համեմատիր. Հոլանտայի քաղաքներուն մէջ երթեւեկելու ամէնէն դիւրին միջոցն է հեծանիւը:

Անգլիոյ նախկին վարչապետ Պորիս Ճոնսըն նոյն սովորութիւնը ունէր՝ քաջալերելու համար հեծանիւի գործածութիւնը։ Դանիոյ կին վարչապետ Մէթ Ֆրետերիքսոն եւս կ՛արտացոլէր իր ժողովուրդին պարզ ապրելակերպը: Գանատայի վարչապետը նոյնպէս երբեմն տեսնուած է հեծանիւով՝ նպատակ ունենալով կենսոլորտի ապականման առաջքը առնելու ուղղութեամբ հանրային գիտակցութեան զարթօնքը: Յիշեալ երկիրները, սակայն, քաղաքական, ապահովութեան եւ տնտեսական լուրջ ճգնաժամեր չեն ապրիր. անոնք կայացած եւ զարգացած տնտեսութիւններ ունին, հետեւաբար, այսպիսի երեւոյթներ այդ երկիրներուն մամուլին եւ հանրութեան կողմէ քննադատութեան չեն արժանանար։ Ընդհակառակը՝  ժողովուրդին կողմէ դրական վերաբերում կ՛ունենան եւ կ՛ընկալուին իբրեւ համեստութիւն, պարզութիւն կամ կենսակերպ մը փոխանցելու եւ քաջալերելու օրինակ: Տարբեր ձեւով պիտի ընկալուէր այս, եթէ նոյն երկիրները ապրէին որեւէ տեսակի եւ մասնաւորաբար ապահովութեան ճգնաժամ մը:

Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Հայաստանի վարչապետը տարեկան իր արձակուրդը անցուց Եւրոպայի մէջ: Ան արժանի է եւ իր իրաւունքն է հանգստանալը այդքան հեւ ի հեւ եւ պատասխանատուութիւն պահանջող ամէնօրեայ ծանր եւ ճնշող կենսակերպէ մը ետք: Դիւրին չէ յաճախակի ճամբորդութիւնները, միջազգային զանազան ատեաններու առջեւ ելոյթները, բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարութիւններու հետ հանդիպումները, դիւանագիտական բանակցութիւնները, մամուլին տուած հարցազրոյցները, երկրին մէջ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն անձամբ հետեւիլը, մարզեր այցելութիւնները, ընդդիմութեան արդարացի կամ անարդար քննադատութիւններուն ենթարկուիլը եւ այլն.: Այո, անոր իրաւունքն է հանգստանալը, սակայն մեզի պէս ծանր ճգնաժամեր ապրող երկրի մը եւ ժողովուրդի մը կողմէ բնական եւ հանգիստ կերպով պիտի չընկալուէին եւ չդիտուէին վարչապետին եւ առաջին տիկնոջ կողմէ վայելքներու մանրամասնութիւնները, ինչպէս հեծանիւով զբօսանքները, սրճարաններու մէջ պահերը, «մեթրօ»ներով երթեւեկելը, փողոցներով ճեմելը եւ այլն., երբ ապահովութեան սուր ճգնաժամ մը կ՛ապրինք, ունինք հողային ահաւոր կորուստներ եւ հարիւր հազարաւոր բռնի կերպով արտագաղթողներ, թշնամին կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս եւ հազար ու մէկ այլ հարցեր:

Կառավարման արուեստի արդի հասկացութեան մէջ կայ այն մօտեցումը, որ ղեկավարը պէտք է հասանելի ըլլայ հանրութեան, ցոյց տայ իր հաղորդականութիւնը, ֆիզիքապէս մօտիկ ըլլայ ժողովուրդին, անանցանելի պատուարներ չըլլան անոր եւ հանրութեան միջեւ, ինչպէս տեսած եւ ապրած էինք անցեալին, սակայն նաեւ պէտք է կարենալ չափաւորել զանոնք, չարատաւորելու համար ղեկավարին դիմագիծը: Դժբախտաբար, մեր արդի պատմութիւնը հարուստ չէ բացառիկ կարողութիւններով օժտուած ղեկավարներով, որպէսզի անոնց օրինակները մատնանշէինք: Համաշխարհային պատմութենէն առանձնացնենք երկու դէմքեր՝ ցոյց տալու համար անոնց անձնական մօտեցումները եւ իրենց հանրութիւններուն հետ յարաբերութիւնները: Այդ երկուքը գործած են նոյն ժամանակաշրջանին եւ երկուքին ալ երկիրները իրենց պատմութեան ամէնէն աղէտալի եւ գոյութենական վտանգի պահերը ապրած են, ինչպէս մեր երկրի ներկան. Ֆրանսայի նախագահ Շարլ տը Կոլ եւ Գերմանիոյ քանցլեր (վարչապետ) Քոնրատ Ատենաուեր:

Տը Կոլ, որ պատերազմին սկիզբը պարզ գնդապետ մըն էր, անհաւատալի քաջութիւնը եւ երեւակայութիւնը ունեցաւ հեռանալու Ֆրանսայէն դէպի Լոնտոն, չընդունելով մաս կազմել իր երկրին Վիշիական կառավարութեան՝ Գերմանիոյ հետ գործակցութիւնը եւ իր հայրենիքին փաստացի անձնատուութիւնը գերմանական բանակի ամբողջական տիրապետութեան: Լոնտոնի մէջ, առանց որեւէ իրեն աջակցող բանակի, ուժի յենարանի եւ նոյնիսկ անգլերէնի իմացութեան, յենելով միայն իր ուժեղ անհատականութեան, ինքզինք պարտադրեց Չըրչըլի նման ռազմաքաղաքական ղեկավարին ընդունելի ըլլալու եւ զայն համոզելու իր նախաձեռնած կամաւորական շարժումին նիւթապէս եւ ռազմականօրէն զորավիգ կանգնիլ: Իր աննկուն կամքին պատճառով, ան կրցաւ զանազան դիմադրական այլախոհ շարժումները ի մի բերել եւ իր հրամանատարութեան ենթարկել: Դիւրին չէր տեւաբար հակադրուիլ թէ՛ Չըրչըլին, թէ՛ Ամերիկայի նախագահ Ռուզվելթին եւ յաջողիլ հաւասարէ հաւասար դաշնակից սեպուիլ ռազմական հարցերով բոլորովին անոնցմէ կախեալ ըլլալով հանդերձ: Ներքին ճակատին վրայ, նոյնպէս դիւրին չէր իր շուրջ հաւաքել բնակչութիւնը, մանաւանդ տալ որոշումներ, որոնք ընդունելի պիտի չըլլային հանրութեան կողմէ, որոնցմէ առաջինը՝ համաձայն գտնուիլ դաշնակից բանակներու կողմէ, Ալճերիոյ Օրան քաղաքի զինուորական նաւահանգիստին մէջ տեղակայուած ֆրանսացի Վիշիական նաւատորմի ռմբակոծման եւ ոչնչացման, որուն զոհ գացին 1500ի հասնող ֆրանսացի նաւաստիներ: Երկրորդ եւ աւելի ճակատագրականը Ֆրանսայի գաղութներու յաւելեալ բեռէն ազատելու որոշումը, մանաւանդ իր նախագահութեան օրերուն Ալճերիոյ ազատագրական պատերազմին պատճառած նիւթական ծանր պարտաւորութիւններէն ձերբազատելու եւ վերջապէս ուշադրութիւնը Ֆրանսայի տնտեսական վերականգնման վրայ կեդրոնացնելու համար, յանձն առաւ անկախութիւն շնորհել Ալճերիոյ՝ հակառակ անոր որ ի տարբերութիւն միւս բոլոր գաղութներուն, անոր ուղղակի Ֆրանսայի մաս նկատուելուն եւ հոն ապրող առաւել քան մէկ միլիոն ֆրանսացիներու (pied-noir) բուռն ընդդիմութեան եւ վերջապէս տեղահանման: Տը Կոլի համար քաղաքականութիւնը կարելիին արուեստը չէր, այլ՝ կամք դրսեւորելու արուեստը: Իր ղեկավարման տարիներուն ան միշտ պահած էր խորհրդաւոր անհատականութեան կերպարը, իսկ ժողովուրդին հետ շփման միջոցը միայն ճակատագրական պահերուն հռետորական ելոյթներն էին: Ան կրցած էր իր անձնական կեանքը անջատել հանրայինէն: Իր հանգիստի եւ արձակուրդի օրերուն, ան կը քաշուէր իր կնկան՝ Իվոնին եւ հիւանդ աղջկան հետ, Քոլոմպէ-Լէ Տէօզ Էկլիզ  (Colombey-Les deux Eglises) գիւղի իր տունը: Ան վերջապէս յաջողեցաւ Ֆրանսան հասցնել տնտեսապէս, քաղաքականապէս եւ ռազմականօրէն գերպետութեան մակարդակին eւ երկրորդ անգամ`1965ին, նախագահի պաշտօնին վերընտրուելէ ետք, հրաժարեցաւ իշխանութենէն, երբ պարտուեցաւ յօգուտ ապակեդրոնացման իր առաջարկած օրէնքի հանրաքուէին:

Անոր մահուընէ այսքան տարիներ ետք, այսօր, Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութիւնը տակաւին կրնայ բնորոշուիլ իբրեւ Կոլիսթ (Gaullist) քաղաքականութիւն:

Քոնրատ Ատենաուեր նոյնիսկ na[qan պատերազմը, Հիթլերի քաղաքականութեան հակառակորդ էր եւ պաշտօնի կանչուելէ ետք հրաժարած էր եւ միշտ հալածուած, նոյնիսկ բանտարկուած՝ իր քաղաքական համոզումներուն համար: Գերմանիոյ պարտութենէն եւ անձնատուութենէն ետք, ան յանձն առաւ Քէոլնի քաղաքապետութեան պաշտօնը եւ 1949ին բարձրացաւ քանցլերի դիրքին: Ան յայտնի դարձաւ իր համեստութեան ռազմավարութեամբ: Ան առաջին հերթին անվերապահօրէն ընդունեց դաշնակիցներուն կողմէ պարտադրուած բոլոր պայմանները եւ գործակցեցաւ  անոնց հետ: Ան հիմքը դրաւ երկու քաղաքական ուղղութիւններու. առաջինը՝ Ostpolitik-ի, այսինքն դէպի արեւելք կամ պատեհ առիթին արեւելեան Գերմանիոյ հետ վերամիաւորման քաղաքականութեան, երկրորդը՝ Եւրոպական Միութեան գաղափարին, որպէսզի Եւրոպայի սիրտին վրայ պատերազմները վերջ գտնեն: Ան կը հաւատար Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամութեան, նոյնիսկ հասնելով անոր հետ դաշնակցութեան գաղափարին: Ատենաուեր նաեւ յաջողեցաւ համոզել Ամերիկան, որ ուժեղ Գերմանիա մը պատուար էր Սովետական Միութեան դէպի արեւմուտք ընդարձակման: Ատենաուեր՝ ի տարբերութիւն Տը Կոլի, աւելի հաղորդական էր ժողովուրդին հետ իր քաղաքապետութեան օրերէն սկսեալ: Վերջապէս ան էր, որ երկու Համաշխարհային պատերազմներ պարտուած, երեք յեղափոխութիւններու ենթարկուած, նացիական ժամանակաշրջանին ահռելի ոճիրներ կատարած, իր երկու յաջորդական սերունդներու նիւթական հարստութեան փոշիացման ականատես եղած, հոգեբանական խորունկ սպիներ ունեցող ժողովուրդը յաջողեցաւ բարձրացնել ընկճուած վիճակէն, ներարկել անոր մէջ վերականգնելու կամքը, վերակառուցելու իր քանդուած երկիրը ու դնել զայն Եւրոպայի հզօրագոյն երկիրին վերածուելու ուղիին վրայ:

Մենք սովորութիւնը ունինք մենք մեզ ամէնէն անբախտ ժողովուրդը նկատելու, մինչ գրեթէ բոլոր ժողովուրդները ապրած են դժոխային պահեր: Մեզի պակսած է եւ տակաւին կը պակսի տեսլական, ամուր կամք, յարատեւութիւն եւ վճռականութիւն ունեցող ղեկավարութիւն մը, որ պիտի կարենայ վստահութիւն ներշնչել հանրութեան՝ իր որդեգրած  ռազմավարութեան նկատմամբ: Մեր հայրենի ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններով եւ անոր մեծ մասին աղքատութեան, այդ վստահութիւնը ներշնչելու եւ իրեն նկատմամբ համակրանքը պահպանելու եւ բարձրացնելու համար աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, որ վարչապետին կեանքի անձնական դրուագները հրապարակային չդառնային:

Աւօ Պօղոսեան

«Ասպարէզ»