Վերջին շաբաթներուն Պէյրութի Պուրճ Համուտ հայաշունչ թաղամասին մէջ տեղի ունեցած որոշակի գրգռութիւններէն եւ տհաճ միջադէպերէն ետք «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատշաճ պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Պուրճ Համուտի ՀՅԴ՝ «Շաղզոյեան» կեդրոնատեղի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` կուսակցութեան քրիստոնէական յարաբերութիւններու պատասխանատու Մոհամետ Խանսայէն, լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու թղթածրարի պատասխանատու Մահմուտ Քումաթիէն եւ երեսփոխան Ամին Շըրրիէն, երէկ այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն: Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալպեր Պալապանեան եւ Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու համախմբումին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան:
Երկու կողմերը քննարկեցին Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը` Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմի լոյսին տակ: Անոնք դատապարտեցին Իսրայէլի կատարած ջարդերը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին դիմադրութեան իրաւունքը պաշտպանելու համար Լիբանանը: Անոնք նաեւ ընդգծեցին լիբանանեան կողմերուն միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը` առանց սպասելու ամերիկեան նախագահական ընտրութեան աւարտին:
Երկու կողմերը մերժեցին վերջերս Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը եւ ընդգծեցին Պուրճ Համուտի խորհրդանշականութիւնը եւ իւրայատկութիւնը` իբրեւ իր բնակիչներուն միջեւ համակեցութեան եւ համագործակցութեան շրջան: Անոնք նաեւ հաստատեցին, որ անհրաժեշտ է վերցնել հովանին որեւէ օրինազանցէ` նկատել տալով, որ ապահովական կառոյցները պէտք է ամբողջականօրէն կատարեն իրենց դերը` ճնշելու օրինազանցութիւնները եւ գործադրելու օրէնքները:
Կողմերը զգուշացուցին տեղեկատուական մարզին մէջ այդ դէպքերուն պէտք եղածէն աւելի մեծ կշիռ տալէ եւ կոչ ուղղեցին այդ դէպքերուն հետ վարուելու պատասխանատուութեամբ: Անոնք ընդգծեցին մէկզմէկու միջեւ համակարգումը եւ համագործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին բոլորին իւրայատկութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը եւ դրական մօտեցումը` արգիլելու օրինազանցութիւնը եւ թոյլ չտալու անոնց կրկնութիւնը: Անոնք ընդգծեցին նաեւ ապագային ՀՅԴ-ի եւ Հըզպալլայի միջեւ համագործակցութիւնը եւ համակարգումը ամրապնդելու աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը: