image

«Զուարթնոց»-էն դուրս եկած Ռուսիոյ սահմանապահները ծառայութիւն կ՚իրականացնեն ՀՀ-Թուրքիա եւ ՀՀ-Իրան սահմանին. ԱԱԾ

«Զուարթնոց»-էն դուրս եկած Ռուսիոյ սահմանապահները ծառայութիւն կ՚իրականացնեն ՀՀ-Թուրքիա եւ ՀՀ-Իրան սահմանին. ԱԱԾ

Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ծառայութիւնն աւարտելէ ետք ռուս սահմանապահներն այն կը շարունակեն Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Իրան սահմանին:

Այս մասին «Ազատութեան» գրաւոր հարցին ի պատասխան յայտնած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն (ԱԱԾ)։

«Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կնքուած 1992 թուականի պայմանագրի համաձայն՝ ՌԴ ԱԴԾ սահմանապահ վարչութեան զինծառայողները պետական սահմանի պահպանութիւն իրականացնում են Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի տեղամասերում», - յայտնած են գերատեսչութենէն: