image

Լիբանանահայ գաղութի կորուստներէն. Ոչ եւս է Մկրտիչ Լ.Պուլտուքեան

Լիբանանահայ գաղութի կորուստներէն. Ոչ եւս է Մկրտիչ Լ.Պուլտուքեան

Ան նուիրական մասնակցութիւն ունեցած է ի մասնաւորի լիբանանահայ կրթական ոլորտին մէջ երկար տարիներ հանդիսանալով ՀԲԸՄ Կրթական Շրջանակային Յանձնախումբի ատենապետը։ 

Աւելի ուշ եւ նպատակ ունենալով լիբանանահայ արուեստի եւ մշակոյթի գործիչները մէկ յարկի տակ համախբելու նախանձախնդրութիւնը ան իր եւ իր եղբօր հիմնադրած Garden Tower (Անթիլիասի շրջան) պանդոկի գլխաւոր սրահը տրամադրած է մտաւորական դասի հաւաքներուն։

 

«Արեւելք» (Պէյրութ),- Պէյրութէն ծանր բօթ ստացանք։ 

ետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ ազգային շրջանակներուն մէջ հանրայայտ անուն հանդիսացող Տիար Մկրտիչ Պուլտուքեանը։

Հանգուցեալը (մասնագիտութեամբ ճարտարապետ) երկար տարիներ գործած է Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ ու անցնող աւելի քան 30 տարիներուն մշտական կերպով հանգրուանած Պէյրութի մէջ։

Անհատական գործի շրջանակներէն բացի Տիար Մկրտիչ Պուլտուքեան իր մասնակցութիւնը բերած է լիբանանահայ գաղութի կեանքին։

Ան նուիրական մասնակցութիւն ունեցած է ի մասնաւորի լիբանանահայ կրթական ոլորտին մէջ երկար տարիներով հանդիսանալով ՀԲԸՄ Կրթական Շրջանակային Յանձնախումբի ատենապետը։ 

Աւելի ուշ եւ նպատակ ունենալով լիբանանահայ արուեստի եւ մշակոյթի գործիչները մէկ յարկի տակ համախբելու նախանձախնդրութիւնը ան իր  եղբօր հիմնադրած Garden Tower (Անթիլիասի շրջան) պանդոկի գլխաւոր սրահը տրամադրած է մտաւորական դասի հաւաքներուն։ Եւ աւելի քան վեց տարիներ Garden Tower -ի գլխաւոր սրահը դարձած է մեր ժամանակներու մշակոյթի կարեւոր հետք թողած գործիչներու հանդիսավայր, ուր լիբանանահայ անուններ,  ինչպիսին են՝ Պերճ Ֆազլեան, Յարութիւն Թորոսեան, Զաւէն Խտըշեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Շուշիկ Տասնապետեան (բոլորն ալ հանգուցեալ), ինչպէս նաեւ Մովսէս Հերկելեան, Պայծիկ Գալայճեան, Անիթա Թութիկեան, Մարալ Փանոսեան, Գրիգոր Նորիկեան, Գրիգոր Յակոբեան, Սագօ Արեան, Անոյշ Թրվանց եւ ուրիշներ հանդէս եկած են զեկուցումներով ու ելոյթներով։ Պէտք է անշուշտ շեշտել, որ Պուլտուքեանի նախաձեռնութեամբ եղած այդ հաւաքները հիմքը դարձան լիբանանահայ կեանքի մտաւորականութեան ի մի բերման։

Ազնուական, նուիրական հայու կերպար հանդիսացող Տիար Մկրտիչ Պուլտուքեանի անունը արժանի է ամենայն յարգանքի։ 

 

Մարդ, որ բոլոր առումներով հոգատար էր եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մշտապէս նեցուկ, ականջալուր եւ պատրաստակամ։

Կը խոնարհինք իր յիշատակին եւ մեր սրտազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք իր ընտանեկան պարագաներուն նշելով յատկապէս Պուլտուքեան հօրեղբօր զաւակները՝ Տիար Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանն ու Տիկին Անահիտ Տանձիկեան-Պուլտուքեանը։

Այս տխուր առթիւ մեր ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք հանգուցեալի հակիրճ կենսագրականը, որ քաղած ենք վերջինիս «Սփիւռք. Յուշատետր նոր տեսլականի» խորագրեալ հատորէն։

Կենսագրական գիծեր 

 

Մկրտիչ Պուլտուքեան ծնած է 1938-ին Լիբանան: Նախակրթութիւնը ստացած է Մխիթարեան իսկ երկրորդական ուսումը՝ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններուն մէջ: Ապա՝ 1963 թուականին շրջանաւարտ եղած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն` պսակաւոր ճարտարապետի վկայականով։

Երկրորդական ուսման շրջանէն սկսեալ ունեցած է հասարակական գործունէութիւն՝ մշակութային ու մարզական ոլորտներու մէջ: 1951-էն ի վեր ՀԲԸՄ-ի անդամ, ապա՝ եղած է ՀԵԸ-ի Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան ատենապետ ու երկար տարիներ, Կրթական Յանձնախումբի ատենապետ ու Լիբանանի Շրջանակային Յանձնախումբի վարչական անդամ:

1996-1998, անդամակցած է Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի շրջանակի առաջին վարչութեան։ 1998-1999, վարած է Լիբանանի Հայ Ճարտարապետներու ու Ճարտարագէտներու Միութեան ատենապետութիւնը։ 1997-էն ի վեր շարունակած է մասնակցիլ Կարտըն Թաուըր պանդոկի «Monday Forum» Լիբանանահայ Արուեստագէտներու ու մտաւորականներու շաբաթական շարժումին:

Վերոյիշեալ հանգամանքներով, մասնակցած է Համահայկական առաջին երկու Խորհրդաժողովներուն ներկայացնելով ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղը, ինչպէս նաեւ իր ներգործօն ներդրումը ունեցած է` Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի կազմակերպած բազմաթիւ տեղական խորհրդա– ժողովներուն:

2007-2010, եղած է անդամ` Լիբանանի թեմի Ազգային Քաղաքական ժողովին։