image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսահայ աշակերտութիւնը կը բողոքէ Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան կամայական որոշումներուն դէմ

Պոլսահայ աշակերտութիւնը կը բողոքէ  Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան կամայական որոշումներուն դէմ

Թուրքահայ համայնքի երիտասարդ ներկայացուցիչները միացած են Պոլսոյ դպրոցներու սաներու հակապետական բողոքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արեւելք»ի Պոլսոյ աղբիւրը, նշելով, որ «Նոր աշակերտներ» անունով հանդէս եկած հայ ուսանողներու խումբը գրաւոր յայտարարութեամբ մը իր աջակցութիւնը յայտնած է Պոլսոյ արական վարժարանի շրջանաւարտներուն: Վերջիններս 4 յունիսին, վարժարանի սաներու աւարտական հանդիսութեան ժամանակ՝ որպէս բողոքի նշան, թիկունք դարձուցած էին ելոյթ ունեցած տնօրէնին:

«Ընդդէմ յետամնացութեան, լճացման եւ ֆաշիզմի» խորագրով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ գրուած է. «Կ'ուզենք տեղեկացնել, որ մինչեւ վերջ պիտի աջակցինք մեր այն դասընկերներուն, որոնք կը պայքարին յետամնաց ու կրօնամոլ հասարակութեան դէմ, որ պետութիւնը կը փորձէ ձեւաւորել՝ իր նշանակած իշխանամէտ տնօրէններու միջոցաւ»: Հայ աշակերտները նաեւ նշած են՝ «Մենք թոյլ չենք տար, որ այս պետութիւնը, որ մանուկին մարդասպան կը դարձնէ,  խաւարի մէջ թաղէ երիտասարդութիւնը: Մենք կը սատարենք բոլոր անոնց, որոնք այս նպատակով թիկունք կը դարձնեն խաւարին եւ կը դառնան դէպի լոյսը: Մենք միշտ պիտի ընդդիմանանք եւ երբէք պիտի չդադրեցնենք պայքարը այս անհասկանալի մտածողութեան դէմ, որ յամառօրէն կը փորձէ օտարել մեզ այն հողերէն, ուր ծնած ու մեծցած ենք՝ հաշուի չառնելով, որ մենք արդէն հազարաւոր տարիներ կ'ապրինք այս հողերուն վրայ»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ ազգային կրթութեան նախարարութիւնը Պոլսոյ 11 վարժարաններու մէջ սկսած է կիրառել տնօրէններու նշանակովի ընտրութիւնը՝ փոխան մրցոյթի: Շարք մը դպրոցներու աշակերտներ բուռն կերպով ընդդիմացած են դուրսէն նշանակուած այս տնօրէններուն եւ նախարարութեան սոյն որոշման դէմ հանդէս եկած են բողոքի զանազան երթերով եւ յայտարարութիւններով: Պոլսական այլ 52 դպրոցներ նոյնպէս հանդէս եկած են աշակերտներուն աջակցող յայտարարութիւններով: