Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը մտադիր է «France 2» հեռատեսիլային ալիքի հաղորդավար Լորան Տելաուսի՝ Փարիզի մէջ կայացած խաղերու բացման ժամանակ ըրած յայտարարութեան համար բողոք ներկայացնել Միջազգային ողիմպիական կոմիտէ (ՄՈԿ):
Տեղեկութիւնը յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Ատրպէյճանական կողմին զայրացուցած են հաղորդավարի ըսած խօսքերը նաւարկող խումբերու շքերթի ժամանակ։
«Եւ, ի հարկէ, մեր հայ ընկերները․․․Հայաստանը պատմականօրէն ֆրանսացիներու սրտին մօտ երկիր է։ Անցեալ տարին հայ ժողովուրդի համար սգոյ եւ Ատրպէյճանի ձեռքին մէջ յայտնուած Լեռնային Ղարաբաղի անկման տարի դարձաւ»,- ըսած է հաղորդավարը, երբ յատնուած են հայ մարզիկները։