image

Պտոյտ մը Լիբանահայ Վարժարաններու Բուրաստանին մէջ

Պտոյտ մը Լիբանահայ Վարժարաններու Բուրաստանին մէջ

Հայկազեան Համալսարանը, Հայաստանի Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան Ժողովրդական Արուեստներու Թանգարանին հետ երկրորդ տարին է որ կը ծրագրէ աշակերտական աշխատանոց մը գործնականացնել:

Անցեալ տարի, Ապրիլին, թանգարանէն երկու մասնագէտներ եկան եւ Պէյրութի ու արուարձաններու, ինչպէս նաեւ Այնճարի հայկական վարժարանները շրջելով աշակերտութեան ծանօթացուցին հայկական գորգերու նախշերուն: Անոնք տախտակներու վրայ գծուած հայկական գորգի նախշեր բաժնեցին  աշակերտներուն, որոնք ներկեցին համապատասխան գոյներով եւ տարին իրենց տուները:

Այս տարուան ծրագիրը քիչ մեը աւելի 'մասնագիտական' է: Իւրաքանչիւր դպրոցէ շուրջ 8 աշակերտ՝ 9-11րդ դասարաններու, պիտի սորվին հայկական քիլիմ հիւսել, տաս օրերու տեւողութեամբ աշխատանոցին ընթացքին, որնցմէ ետք աւարտած գործերը պիտի ցուցադրուին:

Ծրագիրը պիտի իրականցուի Յուլիս 5-15, 2023 շրջանին: Դպրոցներուն կողմէ ընտրուած աշակերտները պիտի հաւաքուին Պուրճ Համուտ, Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանին փակը, ուրկէ պասերով պիտի բերուին Հայկազեան Համալսարան եւ օրական երեք ժամ տեւողութեամբ պիտի սորվին քիլիմ հիւսել ու գործնապէս ալ իւրաքանչիւրը պիտի հիւսէ իր քիլիմ(իկ)ը...:

Ընթերցողը ի՛նք կրնայ մտորիլ նման ծրագրի մը բարիքներուն մասին:

Այս ծրագրին առնչութեամբ էր որ անցեալ Ուրբաթ, 19 Մայիսին համալսարան չգացի, փոխարէնը այցելեցի Պէյրութի եւ մերձակայ հայկական երկրորդական վարժարանները:

Հինգշաբթի գիշեր արդէն տագնապի մէջ էի թէ արդեօք պիտի կարենա՞մ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ցանկիս վրայ եղած բոլոր դպրոցները այցելել:

Առտու կանուխ, Ալինային հետ սուրճ խմած ատեն, դարձեալ քարտէսագրեցի հերթականութիւնը այցելութիւններուս:

Ժամը 7.30 էր երբ տունէս դուրս ելայ:

Առաջին դպրոցը Էշրեֆիէի Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանն էր: Ինքնաշարժս շարեցի մօտակայ փարքինկը եւ երկու վայրկեան քալելով հասայ դպրոց: Յիշողութեամբ ետ գացի շուրջ երեսուն տարիներ՝ 1980ականներու վերջը, երբ տարի մը կամ երկուք՝ հայերէն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդեցի դպրոցին վերի կարգերուն: 

...Տնօրէնուհի տիկ. Տէյիրմենճեանը նստած էր պաշտօնակիցներու հետ խօսակցութեան: Զիս տեսնելով ժպտուն դէմքով ու ձայնով ըսաւ՝ «ինչ անակնկալ...»: Ես ներողութիւն խնդրեցի որ ժամադրութիւն չէի առած եւ թէ՝ ընդամէնը հինգ վայրկանի խօսակցութիւն մը ունէի: Բացատրեցի գալուս պատճառը, յիշեցուցի Շարամբէեանի անուան Թանգարանին հետ մեր  անցեալ տարուան ձեռնարկը եւ յայտնեցի թէ անոր խորացուած տարբերակը կը ծրագրենք իրագործել այս տարի:

Տնօրէնուհին խանդավառուեցաւ, գնահատեց անցեալ տարուան ձեռնարկը ու պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու:

Աստիճաններէն իջած ատենս մտածեցի թէ ժպիտով դիմաւորուիլս վստահաբար օրս ժպիտով պիտի շարունակէ:

Րաուտայի Մխիթարեան Վարժարանը ուղղուած ատենս հաշուեցի որ այս երկրորդ այցելութիւնն ալ կարճ՝ քառորդ ժամ կ'առնէ ու ես մինչեւ կէսօր բոլոր այցելութիւններս աւարտած կ'ըլլամ:

Բայց...: Ես աշխարհագրական կողմնորոշումի դժուարութիւն ունիմ: Ըսել կ'ուզեմ՝ չկրցայ գտնել վարժարանը, հակառակ որ միքանի անգամ գացեր եմ հոն: Զառիվերներ ելայ ու իջայ բայց... չեղաւ: Չգտայ դպրոցը:

Յուսահատ, եւ մտահոգ որ Հռիփսիմեանցն ալ (որ զուգահեռ լեռնալանջի մը վրայ կը գտնուի) պիտի չգտնեմ՝ որոշեցի ուղղուիլ Տպայյա: Սակայն, ճամփաս ինքնաբերաբար զիս տարաւ Ժտէյտէի ժամացոյցի հրապարակը: Աղօտ կերպով յիշեցի Հռիփսիմեանցին ուղղութիւնը եւ ուզեցի փորձ մը կատարել եւ ...ստացուեց: Գտայ դպրոցը:

Հիւրընկալ քարտուղարուհին ճանչցաւ զիս, ըսաւ որ իր մօտիկ ազգականները ուսանած են Հայկազեան, շատ գոհ մնացած են տիրող ընտանեկան ու ապահով մթնոլորտէն, կրթական վիճակէն, հոգածութենէն, ու յայտնեց որ կը պատրաստուի իր աղջիկն ալ Հայկազեան ղրկել, բայց քիչ մը մտահոգ է աղջկան անգլերէնի տիրապետութենէն: Յամենայնդէպս ան լաւատես էր:

Եկաւ պարոն Գապասաքալեանը, խօսեցանք քիչ մը, յիշեցուցի մեր անցեալ տարուան աշխատանոցին մասին, ապա տուի հրաւէր նամակը՝ գիտաշխատանոցին առնչութեամբ եւ մեկնեցայ դրական ակնկալութիւններով:

Իջայ ծովեզերեայ մայրուղին եւ ուղղուեցայ Տպայյա: Ժամը 9.10 էր երբ հասայ ՀԲԸՄ վարժարաններու համալիր: Զիս սիրալիր դիմաւորեց դպրոցի տնօրէն Արա Վասիլեանը, որ ատենին մագիստրական ուսումնառութեան լծուած էր Հայկազեանի մէջ: Ըսաւ թէ լծուած էր ԻՆԱԼՔՕի մագիստրական ծրագրին եւ կը մտմտար թէ կարելիութիւն կա՞ր իր գործնական պարապմունքի ծրագիրը Հայկազեանի մէջ կատարելու: Խօսեցանք այդ առնչութեամբ, մտածումներ փոխանակեցինք եւ ...յանձնեցի նամակս: Ան սիրով ընդառաջեց ու յայտնեց թէ միշտ ալ դրական կը վերաբերի Հայկազեանէն եկող հրաւէրներուն:

Պէտք էր տեսնէի Տիկ. Պալիոզեանը եւս: Անոր հետ անձնական ուսումննասիրութեան մը խնդրով խօսելիքներ ունէի: Թէ՛ պրն. Վասիլեանին եւ թէ՛ տիկ. պալիոզեանին մօտ սրճեցի: Ըսի չէ՞ որ առտու, տունը, Ալինային հետ արդէն երեք գաւաթ խմած էի: Այդ երեք գաւաթը ամէնօրեայ մեր առաւօտեան արարողութեան մաս կը կազմէ:

...Ժամը 10.30ի մօտ էր ուղղուեցայ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ:

Մայր ճամփէն դէպի աջ թեքող մուտքը գիտէի. զիս կողմնորոշողը ցուցանակը պիտի ըլլար, զոր վրիպեցայ տեսնել ...ու քիչ մը աւելի յառաջացայ: Բայց գիտակցելով որ անցած եմ մուտքը ետ դարձայ ու թեքուելիք փողոցէն մտայ ներս: Պահակին «բարեւ ընկեր...»ին պատասխանեցի թէ տնօրէնութիւնը կ'ուզեմ տեսնել: Ուղղուեցայ ներս, տնօրէնութեան սենեակ, ուր տիկին Անի Բագրատունիին եւ տիկ. Սրբուկին հետ ջերմ խօսակցութիւն մը ծաւալեցինք: Անոնք փափաքեցան որ Հայկազեանի հայագիտական ձեռնարկներուն յատուկ հրաւէրներ ուղղուին հայկական դպրոցներու հայերէնագիտութեան ուսուցիչներուն: Նկատեցի որ հոգածութեան, ճանաչողութեան բացթողում մը կայ. բոլորս ալ - անխտիր - ատոր բացը կը զգանք եւ ...կ'ակնկալենք:

Երկու հիւրընկալներուս հետ խօսեցայ նաեւ մեր միւս ծրագրին մասին, որ կը վերաբերի հայոց պատմութեան ուսուցիչներու քննական դասաւանդման աշխատանոցին: Առաջարկեցին որ ատիկա վերամուտէն կարճ ժամանակ ետք տեղի ունենայ: Այդ խնդրով՝ աշխատանքներու մէջ ենք, տակաւին չենք վերջնականացուցած ծրագրին մանրամասնութիւնները: Հայկազեանի մէջ շատ լաւ կը գիտակցինք, որ իւրաքանչիւր առիթ ոսկի առիթ է եւ պարտինք առաւելագոյնս ու լաւագոյնս օգտագործել յանուն համալսարանին առաքելութեան իրագործման:

Յաջորդ կանգառս Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանն էր:

Երկաթէ ճաղերով դռան առջեւ հազիւ հասած՝ քարտուղարուհին բացաւ դուռը: Դաւիթը, Հայկազեանի նորագոյն շրջանաւարտներէն, զիս տարաւ իր քով, սուրճ առաջարկեց, ջուր փափաքեցայ:

Դաւիթին յանձնեցի նամակս, բացատրեցի ծրագիրը...: Դաւիթը կարճ կապեց նամակիս հարցը եւ անցաւ այլ խօսակցութեան. յիշեց Հայկազեանի իր օրերը, մեր յարաբերութիւնները, մեր տուածն ու իրենց առածները, յիշեց համալսարանին մէջ տիրող անմիջականութիւնը, յիշեց բակին մէջ վերապատուելի Հայտոսթեանին հետ իրենց խօսակցութիւններէն դրուագներ: 

Չեմ գիտեր, ունեցայ այն զգացումը որ Դաւիթը կարծես շնորհակալ կ'ըլլար Հայկազեանէն իրենց տրուածներուն համար:

Իրեն շնորհակալութիւն յայտնեցի որ ընդառաջեց մեր ծրագրին եւ կրկնակի շնորհակալութիւն յայտնեցի որ ինք հոն էր, այդ դպրոցին մէջ:

12.30 էր արդէն: Խուճապի մէջ էի. կ'ուզէի աւարտած ըլլալ մինչեւ 1-2, իսկ դեռ ունէի Պուրճ Համուտը: Երեք դպրոց:

Ուղղուեցայ Ազգային Միացեալ Վարժարան: Հոն տնօրէնը հայկազեանցի Գրիգոր Էքմէքճեանն է, երիտասարդ ուժ: Շարեցի ինքնաշարժս եւ ուղղուեցայ բակը ուրկէ կը լսուէին բարձրագոչ աղաղակներ: Տեսնեմ՝ ֆութպոլի խաղ կայ աշակերտներուն եւ ուսուցչակազմին միջեւ, իսկ Գօգօն իրաւարարութիւն կ'ընէ: Կը սիրեմ ասիկա, երբ աշակերտին եւ ուսուցիչին միջեւ անմիջականութիւնը առաւել կը մերձենայ:

 Տեղի՞ն է յիշեմ ուսուցիչիս՝ Օննիկ Սարգիսեանին մէկ անդրադարձը: Ան պատմեց թէ անգամ մը նկատեր են որ իրենց ուսուցիչը դասապահէն ետք ...ուղղուեր է զուգարան ու իրենք նոր անդրադարձեր են թէ ուսուցիչն ալ բաղնիք կ'երթայ...:

Գրիգորին պիտի ուզէի հարցնել Գրիգոր Էքմէքճեանի մը մասին՝ Հալէպի մէջ 1940-50ականներէուն, եւ թէ արդեօ՞ք իր հարազատն էր ու մշակի աւանդն էր որ կը շարունակուէր իր մէջ:

Ելայ քարտուղարութիւն, ուր պատասխանատու ուսուցչուհին դարձեալ հայկազեանցի էր, նոր էր աւարտեր  մասնագիտութիւնը:

Տուի նամակս եւ ուղղուեցայ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան:

Պրն. Կրեկուար Գալուստը չկրցաւ ընդունիլ զիս. հիւրեր պիտի ունենար Հունգարիայէն: Ես ալ զինք չէի կրնար մեղադրել. առանց ժամանդրութեան եկած էի դպրոց: Քարտուղարուհիին փոխանցեցի նամակս, բացատրեցի եւ շտապեցի Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան: 

Բակը աթոռներ շարուած էին՝ ինչ-որ ձեռնարկի մը առ ի պատրաստութիւն:

Քարտուղարուհիին յայտնեցի թէ կը փափաքիմ տնօրէնուհին տեսնել ոչ աւելի քան հինգ վայրկեան: Իդէպ, «հինգ վայրկեանը» մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց էր՝ ժամադրութիւն չառնելուս վերաբերող:

Օրդ. Վարդուկ Պալըքճեանը, ան ալ հայկազեանցի, ընդունեց զիս շատ արագ: Քիչ մը խօսեցանք, մտածեցինք որ աշակերտութիւնը կրնայ հաւաքուիլ այս դպրոցին բակը, ուրկէ պասերը կրնան զիրենք փոխադրել Հայկազեան, ապա եւ վերադարձնել նոյն տեղը:

...Բջիջայինիս վրայ ժամը 1.30 էր: Վերջացուցեր էի ճիշտ ժամանակին:

Քովս սակայն միքանի պահարան կար տակաւին. որո՞նք էին արդեօք, ի՞նչ մոռցած էի:

Տեսնեմ՝ Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Քոլէճին ու Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ վարժարանին նամակները չեմ տուած: Հեռաձայնեցի Ալինային. կը ծրագրէինք Այնճար ելլել. կարեւոր էր մթննալէն առաջ հասնիլ, որ երեկոյեան պահը վայելենք ու քիչ մը երկար ըլլայ Այնճար մեր երկօրեայ կեցութիւնը:

Ալինան ըսաւ թէ ժամէ մը պատրաստ կ'ըլլայ ինք:

Ինծի կը մնար սուրալ Սահակեան:

Խումբ մը աշակերտներ շուքին նստած ուսուցիչին կետ կը քննարկէին նիւթ մը: Ելայ վեր, տնօրէն պրն. Կարօ Ղազարեանին քով: Իդէպ, ինք ալ հայկազեանցի է: Խօսեցանք, բացատրեցի, ընդառաջեց եւ ...ուղղուեցայ Ս. Խաչ, Զալքա:

Դպրոցը եւ եկեղեցին մէկ շրջափակի մէջ են: Յիշեցի որ հոն կ'այցելէի Անդրանիկ վրդ. Կռանեանին, վաստակաշատ մարդ, որ զիս եւ այլ երիտասարդ նորելուկ ուժերու հաւատաց ու պաշտպանեց, մինչեւ որ մենք ոտքի կեցանք:

Դպրոցին ընդունարանին օրիորդը ժպիտով լսեց իմ «հինգ վայրկեան» յանկերգս, ապա տնօրէնին հետ խօսելէ ետք աւելի ժպիտով պատասխանեց թէ պրն. Արամ Գարատաղլեանը զիս կը սպասէ:

Արամն ալ հայկազեանցի է: Խօսեցանք կրթական խնդիրներէն, շուրջ 5000 հաշուող լիբանահայ դպրոցական աշակերտութենէն, նիւթական մարտահրաւէրներէն, դպրոցին մէջ իր ձեռնարկած նորարարական քայլերէն: Ուսուցչուհի մը կարկանդակի շերտերով ներս եկաւ՝ թէ այսինչին տարեդարձն է...: Արամն ալ ընդառաջեց եւ հարցուց՝ «իսկ եթէ՞ 8էն աւելի փափաքողներ ըլլան...»: 

Կը սիրեմ այս տղաքը, այս հայկազեանցիները, որոնք իրենցմէ անդինը կ'ընեն: Իրենք զիրենք կը ջանան գերազանցել:

Աւարտած էի պտոյտս պէյրութահայ կրթական պուրակին մէջ:

Բայց, կեցիր, երկու դպրոց կար դեռ:

Հայ Աւետ. Գոլէճը Հայկազեանին կից էր: Մտածեցի՝ Երկուշաբթի կը հանդիպիմ եւ տնօրէն դոկտ. Արմէնի Իւրնէշլեանին կու տամ նամակս:

Իսկ Րաուտայի Մխիթարեաններուն պարագան լուծեցի այլ ձեւով. Կիրակի օր հայր Սիւլահեանը պատարագ ունէր սրբուհի Ռիթայի ուխտի օրուան առթիւ, դպրոցին ընդարձակ բակին մէջ: Մտածեցի հոն տալ:

Բնականաբար կը մնային Թրիփոլիի եւ Այնճարի դպրոցները, որոնք չընդգրկեցինք՝ գործնական դժուարութիւններու պատճառով:

Ժամը երկուքուկէս էր: Աւարտած էի այցելութիւններս: Ճիշտ է գացեր էի աշխատանոցին հրաւէրը հրամցնելու, բայց լիցքաւորուած վերադարձայ: 

Արդէն լիցքաւորուելու համար ալ գացեր էի լիբանահայ կրթական մեղուանոցը:

 

ՅԳ. Կիրակի օր գացինք Րաուտայի Մխիթարեաններուն երեկոյեան պատարագին: Նամակ-հրաւէրս տուի տիկ. Մերի Ղազարեանին՝ ա՛ն ալ հայկազեանցի..:

Իսկ Երկուշաբթի կէսօրուան մօտ տնօրէն Իւրնէշլեանը հեռաձայնեց ըսելու թէ 9րդ դասարանի աշակերտները պետական պրէօվէի քննութիւն ունին, հետեւաբար չեն կրնար մասնակցիլ ու ինք պիտի ջանայ 10 եւ 11րդ դասարաններէն աշակերտներ հաւաքագրել:

 

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան