Արեւմտեան Հայոց Թեմ կատարած հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Քալիֆորնիոյ մէջ գործող հայկական վարժարաններ, միաժամանակ հիմնարկէք կատարելով նոր մանկապարտէզի ու մանկամսուրի, ինչպէս նաեւ դպրոցներու առնչուած սրահներու ու զանազան բաժանմունքներու։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը.
Արեւմտեան Հայոց Թեմ կատարած հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Քալիֆորնիոյ մէջ գործող հայկական վարժարաններ, միաժամանակ հիմնարկէք կատարելով նոր մանկապարտէզի ու մանկամսուրի, ինչպէս նաեւ դպրոցներու առնչուած սրահներու ու զանազան բաժանմունքներու։
Բարձր գնահատելով հայկական վարժարաններու ուսանողութեան թիւին աճը եւ հայ դպրոցին նկատմամբ մեր ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- «որեւէ հայ գաղութի հզօրութեան ու կենսունակութեան կռուանը եկեղեցին է ու դպրոցը։ Այս երկու հոգեմտաւոր կառոյցները զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Հետեւաբար, պատահական չէ հայ կեանքին մէջ անոնց գոյակցութիւնը նոյն վայրին մէջ»։ Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը ողջունեց մեր ժողովուրդին վստահութիւնը հայ դպրոցին նկատմամբ, յատկապէս ամերիկեան միջավայրին մէջ, ուր հայ դպրոցին դերը աւելիով շեշտաւորուած կը նկատենք, ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը, միաժամանակ կոչ ուղղելով բոլոր ծնողներուն՝ իրենց զաւակները շարունակել վստահիլ հայ դպրոցին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք լուսանկարներ՝ հայկական վարժարաններուն շնորհած Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւններէն։












