image

Պիտի կարօտնանք Արամ Գամպուրեանը

Պիտի կարօտնանք  Արամ Գամպուրեանը

Օրերս Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներու մօտ սիրուած անձնաւորութիւն հանդիսացող՝ Տիար Արամ Գամպուրեան։

Պոլսոյ «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր ՝Արա Գօչունեան, այս տխուր առթիւ ստորագրած է մահագրական մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Պոլսահայ կեանքի երկնակամարէն սահեցաւ Արամ Գամպուրեանի աստղը։ Համայնքի երէց սերունդի խորհրդանշական ու բարձր ներկայացուցչական կարողութեամբ տիրական դէնքերէն մին էր ան։ Իր բազմակողմանի ծառայութիւններէն, բազմառանցք գործունէութենէն ու թրքահայութեան արդի տարեգրութեանց մէջ թողած անջնջելի հետքերէն անդին՝ Արամ Գամպուրեան լիարժէք անհատ մըն էր։ Մնացեալ ամէն ինչ կարծես կախում ունէր այդ լիարժէք անհատ ըլլալու հանգամանքէն։

Պաղարիւն եւ հաւասարակշռուած անձնաւորութիւն մըն էր Արամ Գամպուրեան։ Շուրջ հինգ տասնամեակի հասած մեր տարիքի տարբերութիւնը երբեք արգելք չէր եղած իրեն նկատմամբ մեր կողմէ համակրանքի եւ մտերմութեան զգացումին։ Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ հոգելոյս Կարօ Կարապետեանի, նորոգ հանգուցեալ Արամ Գամպուրեանի ու մեր եռակողմանի զրոյցները։ Նուաստիս հետ սեղանի վրայ դրուած խնդիրները շատ յաճախ կը վերաբերէին հայ մամուլին։ Իրենց համար բացարձակ առաջնահերթութիւն էր հայ մամուլի յարատեւութիւնը։ Անոնք այդ առաջնահերթութիւնը ներմուծած էին Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութեան մէջ։ Այսօր երկուքն ալ այլեւս չկան, բայց այդ զրոյցներուն քաղցրութիւնը յաւերժ կը մնայ մեր սրտին։ Արամ Գամպուրեան թէկուզ սահմանափակ շրջանակի քննարկումներու մէջ կը մարմնաւորէր իմաստունի կերպար։ Որպէս աշխարհ տեսած մարդ՝ ունէր իր տրամաբանելու ձեւը։ Իր ոճը թէեւ մեղմ էր, սակայն սկզբունքները՝ այդքան ալ ճկուն չէին՝ առանցքային հարցերու մէջ զիջման տեսակէտէ։

Կարօ Կարապետեանէն վերջ Ուսուցչաց հիմնարկին մէջ շատ բան փոխուեցաւ։ Արամ Գամպուրեան այն օղակն էր, որ անցեալն ու ապագան կ՚ածանցէր։ Յառաջացած իր տարիքին ցաւով ականատես դարձած էր հայ մամուլին նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքի կտրուկ փոփոխութեան։ Մեզի միշտ ցաւ կը յայտնէր այդ կապակցութեամբ՝ երբ առիթ կ՚ունենայինք առանձին զրուցելու։ Ալեհեր հասակով այնքան կը սրտնեղէր եւ անճար կը զգար, որ մենք կը ջանայինք զինքը մխիթարել։

Արամ Գամպուրեան մեր համայնքի այն եզակի անձնաւորութիւններէն էր, որ բեմահարթակի առջեւի քիչը տեսնելով՝ անմիջապէս կրնար ենթադրել բեմահարթակի ետեւի անտեսանելի շատը ու կրնար ըստ այդմ ճշգրիտ դիրքաւորուիլ։

Մեսրոպեան բանակի ուխտեալներս այս քաղաքին մէջ, մեր մատնուած ամայութեան պայմաններով, շատ պիտի փնտռենք Արամ Գամպուրեանի պայծառ միտքը, լուսաւոր ժպիտը եւ անկեղծութիւնը։ Պիտի կարօտնանք Արամ Գամպուրեանը, որ լիարժէք անհատ ըլլալու պարագան երբեք չէր հակադրած լիարժէք հայ մը ըլլալու հետ։

Հրաժեշտի պահը ծանր է ու մեր միակ մխիթարութիւնն է, որ հնարաւորութիւն ունեցած ենք Արամ Գամպուրեանի նման ազնիւ անձի մը հետ շփուելու եւ համագործակցելու։

 

Արա Գօչունեան