Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեանի՝ «Յովհան Գ. Օձնեցի (իշխ. 717–728) Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան» հրատարակութիւնը երկրորդ երկլեզու հատորն է Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի մատենաշարին՝ «Հիմնահարցեր Եւ Հանգրուաններ Արեւմտեան Հայաշխարհի Կազմաւորումին Մէջ»։
Մատենաշարէն նախապէս լոյս տեսած էր՝ «Ներսէս Դ. Շնորհալի Սուրբ Եւ Դիւանագէտ Եւ Ժողովուրդին Ու Եկեղեցիին Գոյատեւումը Արեւմտեան Հայաշխարհին մէջ» (2025) հատորը։
Մատենաշարին երրորդ գիրքը ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մըն է (մամուլի տակ) եւ անոր անգլերէն խորագիրն է՝ Prolegomenon to the Millennial History of the Western Armenian World From ‘Kingdoms’ to an Awakening Politics and Culture ‒ The First Phase Tenth to Fifteenth Centuries։
Մատենաշարը կը ներկայացնէ արեւմտեան հայաշխարհին եւ Մերձաւոր Արեւելքի լայն շրջանին մէջ հայոց պատմական կացութեան եւ փորձառութիւններուն մասին նոր տեսանկիւններ եւ վերլուծումներ: Անոր նպատակը մտաւորական մշակոյթը արդիական եւ քննական տարազներու մէջ ժողովուրդին, նա՛եւ մտաւորականութեան ուշադրութեան բերելը եւ մատչելի դարձնելն է: Պատմական, մշակութային եւ ապրուա՛ծ աւանդը պէտք է մաս կազմէ հանրային մտածելակերպին եւ հասկացողութեան հորիզոններուն, որովհետեւ, ինչպէս հեղինակը՝ փրոֆ. Տատոյեան կը գրէ առաջին հատորի իր ներածականին մէջ. «Ինչ որ գիտենք, կամ չենք գիտեր, նաեւ՝ ինչ որ կը կարծենք թէ գիտենք ամբողջովին կամ մասամբ, ճիշդ կամ սխալ, անհրաժեշտօրէն կ՛ազդէ մեր ընտրութեանց եւ գործերուն վրայ: Սեփական պատմութեան վերաբերեալ դէպքերուն, դէմքերուն եւ հարցերուն մասին հանրութեան գիտութիւնը, ինչպէս նաեւ անգիտութիւնը իրենց կարգին մաս կը կազմեն անոր պատմական փորձառութեանց: Հետեւաբար, ինչպէս որ ճանաչողութիւնը՝ նոյնպէս ալ հակառակը՝ անգիտութիւնը ազդակ է: Յաճախ մարդիկ սխալ դատողութիւններ կը կատարեն անգիտութեան հետեւանքով»:
Պատմագիտական դրուագներու եւ որոշ չափով բարդ ու նոր հարցերու պատրաստելու համար ընթերցողը, մանաւանդ երրորդ հատորին պարագային, մատենաշարը կը սկսի նուազ ընդարձակ նիւթերով, որոնք հիմնականին մէջ, բուն տեսութիւններու «յառաջաբաններ» են: Օձեցիի եւ Շնորհալիի քաղաքական-դիւանագիտական ասպարէզը յարմարագոյն «մուտքեր»ն են: Այլապէս, շուրջ հինգ դարեր կան Օձնեցիի ժամանակին (8րդ դար, Դուին) եւ Շնորհալիի ժամանակին (15րդ, Հռոմկլա) միջեւ: Երկուքն ալ կը սահմանուին իբրեւ «սուրբ եւ դիւանագէտ» վերաբերելու եւ շեշտելու համար իրենց եւ Հայ եկեղեցւոյ ասպարէզին ու դերին քաղաքակա՛ն տարածքը հայ միջնաշխարհեան, այսինքն՝ տարբեր պետութիւններու եւ ուժերու միջեւ, կացութեան:
Իրողապէս, Եկեղեցւոյ հազարամեայ քաղաքական պատմութիւնը, իբրեւ իւրայատուկ եւ կարեւոր նիւթ եւ մաս հայոց պատմութեան, եւ մասնաւորաբար արեւմտեան հայաշխարհին՝ վերլուծումի չէ արժանացած: Տասներորդ դարէն իսկ, նախքան հայ թագաւորութիւններու անկումը եւ ժողովուրդին զանգուածային գաղթերը դէպի արեւմուտք եւ հարաւ, եւ մասնաւորաբար շրջանային ուժերու եւ նոր թափանցումներու պատճառով, բնիկ հողէն դուրս զարգացաւ ընդարձակ արեւմտեան հայաշխարհ մը: Մասնաւորաբար Կիլիկիոյ մէջ, առաջին անկախ քաղաքական միաւորին, եկեղեցին ստացաւ տարբեր հանգամանք մը եւ պարտաւորութիւններ: Արեւելեան հայաշխարհը, որ նուազ կերպով ենթակայ էր շրջանային եւ միջազգային յարաբերութիւններուն, ունեցաւ ի՛ր հարցերը եւ զարգացումի ուղիները: Սակայն, այս հարցերը արդէն սկսած էին զարգանալ արդէն Օձնեցիի օրերուն: Իր, նաեւ իր նախորդներէն Սուրբ Սահակ Գ. Ձորափորեցիի (իշխ. 677-703) հասկացողութիւնը կացութեան եւ խիզախ դիւանագիտութիւնը արտակարգօրէն հետաքրքրական պարագաներ են:
Ութերորդ դարուն Եկեղեցւոյ դաւանաբանական եւ դիւանագիտական ասպարէզը արդէն գծուած էր իր մեծերուն ասպարէզով: Երբ ժողովուրդին զանգուածային տարածումը դէպի արեւմուտք եւ հարաւ ստեղծեց արեւմտեան հայաշխարհ մը, այս հաստատութիւնը ինքզինք գտաւ նոր կացութեան մը մէջ եւ պարտաւորութիւններու տակ միջին դարերէն մինչեւ Մեծ Եղեռնը եւ անկէ ետք մինչեւ ներկայիս: Եթէ Սահակ Գ. սուրբը իր կեանքով եւ մահով, նաեւ յետ մահու դիւանագիտական յաղթանակով մարմնաւորեց հայոց պատմութեան ամէնէն մութ պահերը եւ Եկեղեցւոյ դերը, քանի մը տասնամեակ ետք, Յովհան Գ. սուրբը եղաւ բարեկարգիչ, կանոնագէտ եւ մեծ վարպետը միջնաշխարհեան դիւանագիտութեան: Այս բեմին վրայ եւ միջավայրին մէջ գտան իրենք զիրենք Շնորհալի եւ իրմէ առաջ Գրիգոր Գ. եւ Գրիգոր Բ. Վկայասէր շարունակեցին աւանդը: Քանի մը հարցեր են ասոնք մատենաշարին նիւթերու լայն շրջանակներէն: