image

Պիլ Կէյթսը խօսած է Սթիւ Ճոպզի «Կախարդական խօսքեր»ուն մասին

Պիլ Կէյթսը խօսած է Սթիւ Ճոպզի «Կախարդական խօսքեր»ուն մասին

Ամերիկեան Apple-ը յաջողութեան հասած է շատ մը առումներով, ընկերութեան հիմնադիր Սթիւ Ճոպզի «կախարդական խօսքերու» շնորհիւ: Այս մասին յայտարարած է Microsoft-ի ստեղծողներէն Պիլ Կեյթսը, CNN հեռուստաալիքի իր եթերին մէջ, ըստ Bloomberg-ը:

«Ճոպզը այդ խօսքերուն օգնութեամբ կրնար որեւէ «մահացող» ընկերութիւն դարձնել աշխարհի ամենաթանկարժէքը»,- ըսած է Կէյթս, ապա միեւնոյն ժամանակ ինքնիրեն կրտսեր հրաշագործ անուանած. «Ես աւելի շատ կրտսեր հրաշագործ էի, քանի որ երբ ան կը կարդար կախարդական խօսքերը, ես կը տեսնէի մարդոց հիացմունքը: Բայց քանի որ ես մանր հրաշագործ եմ, իմ վրայ չէին ազդեր»:

Բացի այդ, Կէյթս, որուն ընկերութիւնը երկար տարիներ մրցակցած էր Apple-ի հետ, յայտարարած է, որ երբեք չէ հանդիպած այնքան տաղանդաւոր եւ նպատակասլաց մարդու, որքան Սթիւ Ճոպզը: Եւ օրինակ բերելով պատմած է թէ ինչպէս 1980ական թուականներուն վերջը, երբ NEXT ընկերութիւնը, որ այն օրերուն կը ղեկավարուէր Ճոպզի կողմէ, մէկ տարուայ ընթացքին չէր կրցած մէկ համակարգիչ վաճառել, գործարանը այնուամենայնիւ առաջ գացած եւ 1997ին Appleը գնած էր NEXTը:

Սթիւ Ճոպզը Apple ընկերութիւնը հիմնադրած է իր ընկերոջ Սթիւ Վոզնյակի հետ 1976Ին: Ընկերութեան APPLE II անունով համակարգիչը հրապարակ իջած է միլիոնաւոր օրինակներով եւ դարձեր աշխարհի առաջին զանգուածային անհատական համակարգիչը: Սթիւ Ճոպզը մահացած է 2011ին ստամոքսի քաղցկեղէն: