«Ի լուր» կայքը ներկայացուցած է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կատարած գրառումը վերջին զարգացումներուն մասին։
Տէր Պետրոսեանն ըսած է, որ Ռուսաստանեան կողմի արձագանգը շատ անկեղծ է եւ նախագահ Փութին պատրաստ չէ, մեր փոխարէն Արցախի հարցը լուծելու։
Տէր Պետրոսեան նաեւ նկատեւ տուած է, որ եթէ Հայաստան անվտանգութեան խնդիր ունենայ, ապա այդ պարագային Մոսկուա կրնայ օգնութեան հասնիլ։
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր նամակով մը դիմած էր Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին, վերջինէն խնդրելով քննարկել բոլոր կարելիութիւնը Հայաստանին օժանդակութիւն հասցընելու վերաբերեալ։