image

Կը քննարկենք «Համաս»-ի առաջնորդները արտաքսելու հարցը. Նաթանիահու

Կը քննարկենք «Համաս»-ի առաջնորդները արտաքսելու հարցը. Նաթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն հարցազրոյց տուած է ամերիկացի լրագրող Տեն Սինըրին եւ, ի թիւս այլ բաներու, խօսած է «պատերազմի յաջորդ օրուան» մասին:

«Մենք կը քննարկենք ահաբեկչական կազմակերպութեան առաջնորդները արտաքսելու հարցը, բայց այդ կախուած է, առաջին հերթին, «Համաս»-ի յանձնումէն», -ըսած է Նաթանիահուն:

Ան յոյս յայտնած է, որ պատերազմէն ետք Կազայի հատուածը պիտի կառավարեն «Համաս»-ի հետ կապ չունեցող տեղացիները՝ տարածաշրջանի երկիրներու պաշտօնական ներկայացուցիչներու հետ:

«Մենք յոյսով ենք, որ անկլաւը կը կառավարեն «Համաս»-ի հետ կապ չունեցող տեղի բնակիչները՝ տարածաշրջանի երկիրներու հետ:Մեզի կը հարցնեն, թէ ինչ պիտի ըլլայ «յաջորդ օրը», բայց առաջին հերթին պէտք է վերացնել «Համաս»-ը։ Տեղի Կազայի բնակիչներուն կարելի չէ թոյլ տալ կառավարել տարածքը, քանի դեռ «Համաս» այնտեղ է: Մենք պէտք է պաշտպանուինք մեր ուժերով: Մենք այդ չենք խնդրեր ամերիկացի զինուորներէն կամ ուրիշներէն»,-ըսած է Նաթանիահուն:

Իսրայէլի վարչապետը վստահութիւն յայտնած է, որ իրենք «պիտի ոչնչացնեն «Համաս»-ը»:

«Մեր երկրորդ նպատակը պատանդները վերադարձնելն է, այդ է մեր նպատակը, եւ ատոր համար ալ մենք ռազմական ճնշում կը գործադրենք։ Մենք կանգնած ենք մարտահրաւէրներու առաջ, որոնց ոչ մէկ ժամանակակից բանակ նախկապէս հանդիպած է», - եզրափակած է ան: