image
Հրատապ լուրեր:

Պատրաստ ենք խաղաղութեան հասնելու հարցով աջակցիլ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին․ ԵԱՀԿ գործող նախագահ

Պատրաստ ենք խաղաղութեան հասնելու հարցով աջակցիլ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին․ ԵԱՀԿ գործող նախագահ

ԵԱՀԿ-ը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ համապարփակ եւ կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման հասնելու հարցով։ Այդ մասին մայիս 13-ին Երեւանի մէջ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսին յայտարարած է ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Մալթայի արտաքին ու եւրոպական հարցերու եւ առեւտուրի նախարար Իեն Պորճը։

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ համապարփակ խաղաղութեան ձեռքբերումը ԵԱՀԿ-ի առաջնահերթութիւններէն է։ Երկխօսութիւնը, դիւանագիտութիւնը միակ ճանապարհն է»,-ըսած է ան։

ԵԱՀԿ գործող նախագահը նկատած է, որ սահմանազատման ուղղութեամբ յառաջխաղացումը «արժէքաւոր քայլ է» խաղաղութեան ճանապարհին։

«Որպէս ԵԱՀԿ, մենք պատրաստ ենք աւելի ներգրաւուած ըլլալու եւ աջակցելու տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական խնդիրներու լուծմանն ուղղուած ջանքերուն, մասնաւորապէս, տեղահանուածներուն եւ հակամարտութենէն տուժած շրջաններու մէջ ապրող անձանց»,- նշած Իեն Պորճը։

Ան տեղեկացուցած է, որ Երեւանէն ետք պիտի այցելէ Պաքու եւ այնտեղ «կոչ պիտի ընէ վստահելի եւ կայուն յանձնառութիւն ունենալու բանակացութիւններուն»։