Օրերս, Հալէպի Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան Ս. Յարութեան տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուած է յոյն եւ ասորի Ուղղափառ համայնքներու առաջնորդներուն։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Կիրակի, 5 Մայիս 2024-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Յոյն Ուղղափառ համայնքի Հալէպի Առաջնորդ Աֆրամ Մաալուլի եպիսկոպոսին եւ Ասորի Ուղղափառ համայնքի Առաջնորդ Պթրոս Քասիս եպիսկոպոսին։ Սրբազան Հօր կ'ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։
Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Սրբազան Հայրը Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Յոյն եւ Ասորի Ուղղափառ համայնքներու Առաջնորդներուն, ժողովականութեան եւ ժողովուրդին, մաղթելով, որ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը աստուածային օրհնութեամբ եւ բարիքներով ողողէ ժողովուրդին կեանքը։