– Հայր Արիսի որբանոցին մէջ որբերը կը սնանին շատ լաւ: Անոնց կը տրամադրուի մաքուր հագուստ, եւ կը տրուի բժշկական խնամք: Որբերը, իրենց դասերուն կողքին, կ՛ունենան կարճ եւ երկար գիւղագնացութիւններ: Որբանոցին մէջ կը կազմակերպուի սկաուտական առողջ կեանք: 1925-ին Պետրոս կը մասնակցի ամառնային մէկ ամսուան բանակում-գիւղագնացութեան: Սկաուտական խումբը կ՛այցելէ Լիբանանի լեռնային շրջաններու շատ մը գիւղերը, օրինակ` Զահլէ, Ռայաք, Պաալպէք եւ Սաննին: 1926-ի ամրան հայր Արիս խումբ մը որբերով կ՛ուղղուի դէպի Երուսաղէմ: Կ՛այցելեն` Բեթղեհէմ, Թիպերիոյ ծովափը, Նազարէթ եւ ուրիշ սրբավայրեր: Ուխտագնացութիւն մըն է, որ կը կատարեն, եւ որ կը տեւէ մէկ ամիս: Երուսաղէմի մէջ կ՛այցելեն Ս. Յակոբ հայկական վանքը եւ անոր թանգարանն ու մատենադարանը:
– Սկաուտական կեանքը որբանոցին մէջ եղած է շատ աշխուժ: Կատարած են բանակումներ, ուր երգած են հայերէն սկաուտական երգեր եւ հայրենասիրական ու ազգային երգեր:
1922-ի առաջին ամիսներուն Լիբանանի ՀԲԸՄ-ի գործադիր ժողովը կը դիմէ Զմմառու միաբանութեան մեծաւորին` Մինաս ծ. վարդապետ Տէր Մինասեանին, որպէսզի վանքին ընծայարանի յատուկ ընդարձակ շէնքը տրամադրուի միութեան, ուր պիտի հաստատուէր «Քելէկեան» որբանոցը, եւ ապաստանէին Կիլիկիայէն հասնող հարիւրաւոր հայ որբեր: Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցը պիտի հոգար մինչեւ 16 տարեկան որբերուն տարեկան ծախսը, որ պիտի ըլլար ամիսը հինգ տոլար իւրաքանչիւր որբի համար:
Պատասխանը կ՛ըլլայ դրական` խորհրդակցելէ ետք Պոլսոյ հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Յովհաննէս եպս. Նազլեանի հետ: Երկար խորհրդակցութիւններէ ետք եւ գործնականութեան նկատումներով որբանոցին յարմարագոյն վայրը կը նկատուի Պէյրութի Էշրեֆիէի շրջանը: Հոն կը վարձուի ընդարձակ հողաշերտով տուն մը` 7 սենեակներով, տարեկան 55 եգիպտական ոսկիի:
ՀԲԸ Միութեան գործադիր վարչութիւնը երախտապարտ զգացումներով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Զմմառու միաբանութեան: Մինչ այդ արդէն «Քելէկեան» որբանոցին տեսուչը եղած էր Մամբրէ ծ. վարդապետ, եւ որբանոցի խնամակալութեան մէջ եղած էին ազնուական կամաւոր անձնաւորութիւններ, յատկապէս` Օննիկ Մազլումեան եւ տոքթ. Պ. Մելքոնեան:
Որբանոցի գործունէութեան ընդհանուր պատասխանատուն կ՛ըլլայ Պէյրութի պատրիարքական փոխանորդ գեր. Նեսիմեան, որ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին հետ բանակցողը կը դառնայ: Ան Զմմառու վանքին մեծաւորին համաձայնութեամբ որբանոցին վերահսկիչ կը նշանակէ Զմմառու միաբաններէն Գաբրիէլ ծ. վրդ. Գասպարեանը: Կը մտածուի յառաջացնել որբանոցի վարչական ժողով մը` ընտրելու համար որբանոցի պաշտօնեաները եւ ուսուցիչները: Սակայն վարչական ժողով չի կազմուիր, եւ որբանոցին հաշիւներուն ու մատակարարման դժուարին գործը կը յանձնուի Պօղոս վրդ. Արիսին` օգնական ունենալով Խաչիկ վրդ. Աթանասեանը:
Որբանոցին միակ եկամուտը կ՛ըլլայ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին տրամադրած գումարը: Ոչ մէկ արտաքին նպաստ կամ բարեսիրական օժանդակութիւն կ՛ըլլայ: Նիւթական անձուկ վիճակի պատճառով կարելի չ՛ըլլար որեւէ շինարարական աշխատանք տանիլ, հակառակ անոր որ կարիքը կը զգացուի նոր շէնքի մը: Ազգային պատուիրակութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Մելքոնեան կը դիմէ ֆրանսական զինուորական իշխանութեան եւ կ՛ապահովէ փայտեայ երեք տնակներ (պարաքա), իւրաքանչիւրը` 30 մեթր երկարութեամբ եւ 9 մեթր լայնքով, իւրաքանչիւրին համար վճարելով 75 սուրիական ոսկի: «Պարաքա»-ներէն մէկը կը յատակուի տախտակամածով եւ կը գործածուի իբրեւ աղօթարան ու ճաշարան: Կը մտածուի միւս «պարաքա»-ներն ալ տախտակամածով յատակել, որպէսզի որբերը ապրէին նուազագոյն մաքրութեան եւ առողջապահական պայմաններու մէջ: Դարձեալ նիւթական անձուկ վիճակը արգելք կը հանդիսանայ: Ահա կը հասնի փրկարար ձեռք մը: Պէյրութ կը հասնի Զմմառու միաբաններէն Գաբրիէլ ծ. վրդ. Գասպարեան, որ իմանալէ ետք «պարաքա»-ներու հակաառողջապահական վիճակին եւ տնօրէնութեան նիւթական դժուարութիւններուն մասին` կը ստանձնէ «պարաքա»-ներուն վերաշինութիւնը եւ ամբողջ ծախսերը` (մօտաւորապէս` 1.350 սուրիական ոսկի) իր անձնական հաշիւէն: Ան կը դառնայ որբանոցին հիմնադիր բարերարը: Իսկ առաքելական նուիրակը կը շնորհէ 150 սուրիական ոսկի: Հետագային նիւթական օժանդակութիւն կը հասնի Վատիկանէն եւ ֆրանսական հոգատարութենէն:
Հայր Պօղոս Արիս
Շինուած է նաեւ երեք սենեակներէ բաղկացած պզտիկ շէնք մը` բաղնիքի, լուացարանի եւ խոհանոցի գործածութեան համար: Սենեակներէն մէկը նորոգուած է որբանոցի մայրիկներուն համար: 200 մահճակալներ գնուած եւ զետեղուած են «պարաքա»-ներէն մէկուն մէջ:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ որբանոցի որբերը, ուսուցիչները եւ վարդապետները
Ժիպէյլի եւ Անթիլիասի որբանոցներուն մէջ գտնուող 161 կաթողիկէ որբերը կը փոխադրուին Հայ կաթողիկէ որբանոց Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին հետ եղած համաձայնութեան հիման վրայ: Այս փոխադրուած որբերը կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը.
Մարաշէն` 105 որբ, Տարսոնէն` 1 որբ, Էնկիւրիէն` 1 որբ, Գոնիայէն` 3 որբ, Կիւրիւնէն` 4 որբ, Թերզելիէն` 1 որբ, Ֆռնուզէն` 2 որբ, Սեբաստիայէն` 2 որբ, Կեպէնէն` 1 որբ, Մէյթանէն` 6 որբ, Տիգրանակերտէն` 2 որբ, Արաբկիրէն` 1 որբ, Սիսէն` 2 որբ, Ատանայէն` 6 որբ, Գասապայէն` 1 որբ, Ֆնտճաքէն` 1 որբ, Կեսարիայէն` 3 որբ, Էյպէզէն` 7 որբ, Մալաթիայէն` 2 որբ, Այնթապէն` 1 որբ, Կեմերեկէն` 3 որբ, Պանտրմայէն` 1 որբ, Սեւերեկէն` 1 որբ, Մարտինէն` 1 որբ, Եդեսիայէն` 2 որբ, Կարինէն` 1 որբ: Որբերուն տարիքը կը տարուբերի 5-16-ի միջեւ:
Այս որբերուն մեծամասնութիւնը եղած է թրքախօս, եկեղեցական եւ քրիստոնէական դաստիարակութենէ ու ընդհանուր կրթութենէ զուրկ:
Որբանոցին պատասխանատուները որբանոցին մէջ մեծ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած են քրիստոնէական, կրօնական եւ բարոյական դաստիարակութեան, երաժշտութեան, երգեցողութեան, հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան վրայ:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ որբանոցի որբերը եւ հոգատար վարդապետները
Որբանոցը գործած է նաեւ իբրեւ դպրոց: Նախ կազմակերպուած են տարբեր մակարդակի դասարաններ: Եղած է, որ մէկ դասարանի մէջ զետեղուած են տարբեր մակարդակի աշակերտներ: Սակայն այս բոլոր դժուարութիւնները լուծուած են, եւ որբանոցը եղած է հայ որբերուն հայ դպրոցը: Շրջան մը ետք դասարանները եղած են` ըստ հայոց լեզուի գիրքերուն մակարդակին: 1923-ին հետեւեալ բաժանմունքները գործած են որբանոց-դպրոցին մէջ. մանկապարտէզ` 10 տղայ, օշական Ա. դասարան` 2 տղայ, լուսաբեր այբբենարան դասարան` 6 տղայ, լուսաբեր Ա. դասարան` 11 տղայ, լուսաբեր Բ. դասարան ` 5 տղայ, մայրենի լեզու Ա. դասարան` 43 տղայ, մայրենի լեզու Բ. դասարան ` 21 տղայ, մայրենի լեզու Գ. դասարան` 14 տղայ, մեղրագէտ Ա. դասարան` 2 տղայ, մեղրագէտ Բ. դասարան` 7 տղայ, մեղրագէտ Գ. դասարան` 1 տղայ, մեղրագէտ Ե. դասարան` 10 տղայ, միջին թանգարան դասարան` 9 տղայ, բարձրագոյն գանձարան դասարան` 1 տղայ:
Գիրքեր ապսպրուած են Պոլիսէն: «Պարաքա»-ները, որոնք գործածուած են իբրեւ ննջարաններ, օրուան ընթացքին վերածուած են դասարաններու: Նախնական շրջանին ճաշարանը սեղաններ չէ ունեցած: Տղաքը տախտակամածին վրայ նստած ճաշած են:
Կրթական ուսումնական ծրագիրը ընդգրկած է` հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները, թուաբանութիւն, հայոց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, իրագիտութիւն, որոնք պարտաւորիչ եղած են, իսկ արաբերէն եւ անգլերէն լեզուները` ոչ պարտադիր:
Մեծ կարեւորութիւն տրուած է արհեստներուն: Մեծ թիւով որբ տղաք ուղղուած են տարբեր-տարբեր արհեստանոցներ, ինչպէս` հացագործութիւն, ջուլհակութիւն, սանտրաշինութիւն, կօշկակարութիւն, դերձակութիւն, փայտագործութիւն, երկաթագործութիւն, ատաղձագործութիւն: Այն տղաքը, որոնք արհեստանոցներ յաճախած են, անոնց համար տրուած են գիշերային յատուկ դասընթացքներ որբանոցին մէջ:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ որբանոցի որբերը եւ վարդապետները` «պարաքա»-ներուն առջեւ
Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եղած է առաջնահերթութիւն: Որբերը ամէն օր մասնակցած են սուրբ պատարագին: Ամէն կիրակի անոնք ստացած են սուրբ հաղորդութիւն: Որբանոցը ունեցած է տղոցմէ կազմուած երգչախումբ, որ եկեղեցական պաշտօնական արարողութիւններուն բերած է իր մասնակցութիւնը:
Որբերուն առողջական վիճակը ընդհանրապէս եղած է գոհացուցիչ: Սակայն 94 որբեր ունեցած են աչքի կոպի հատիկաբորբ-թրաքոմա (trachoma) հիւանդութիւնը, որ կատարելապէս դարմանուած է շնորհիւ փորձառու հիւանդապահուհիի մը ծառայութեան: Որբանոցը ունեցած է այցելու բժիշկ մը, որ շաբաթը երկու անգամ այցելելով` մեծապէս օգտակար եղած է որբերուն առողջութեան բարելաւման: Մալարիան եղած է ուշագրաւ երեւոյթ այդ օրերուն: Որբերէն շատերը վարակուած են մալարիայէն, բայց ոչ մէկը մահացած է այս հիւանդութենէն: Որբանոցը ունեցած է մէկ մահ` 10 տարեկան մանչուկ մը, որ վարակուած է փայծաղի յառաջացած հիւանդութենէ:
Սնունդը եղած է բաւարար եւ գոհացուցիչ: Որբերը ունեցած են բաւարար սննդական մատակարարում: Ամէն առաւօտ` իբրեւ նախաճաշ, տրուած է` թէյ, կաթ, պանիր, պտուղ: Շաբաթը չորս անգամ հրամցուած է միս: Ամէն օր կէսօրին տրուած է տաք կերակուր, իսկ իրիկունները` չոր եւ թեթեւ ուտելիքներ: Ուտեստեղէնի պաշար պահուած է` ոսպ, սիսեռ, ձաւար, իւղ, ինչպէս նաեւ` փայտ եւ ածուխ:
Որբանոցը ունեցած է մաքուր օդ եւ մաքուր ջուր:
Որբանոցին մէջ բացուած է կօշկակարութեան գործարան մը:
1924-ին Պոլիսէն կը բերուին Պոլսոյ Օրթագիւղի Հայ կաթողիկէ որբանոցի 25 որբերը:
Պոլիսէն փոխադրուած որբերը 1924-ին
Որբանոցը գործած է մինչեւ 1928: Բազմաթիւ որբեր յանձնուած են իրենց ազգական հարազատներուն: Որոշ թիւով որբեր ղրկուած են ֆրանսայի եւ Երուսաղէմի բարեսիրական կրթական հաստատութիւններ, իսկ արհեստանոցներու մէջ յաջողակ որբերը ազատ արձակուած են եւ սկսած են աշխատիլ զանազան գործարաններու մէջ
Հայր Պօղոս Արիսի որբերէն եղած է աներս` Պետրոս Պտղունի-Մէյվալեան: Շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ գտայ անոր ինքնակենսագրութեան մէջ: Ան նախ եղած է Ժիպէյլի տղոց որբանոցի 1392-րդ որբը: Հոն մնացած է երկու տարի: Պետրոս կը փոխադրուի հայր Պօղոս Արիսի Էշրեֆիէի որբանոցը 1922-ին, որովհետեւ իր անունին քով արձանագրուած է հայ կաթողիկէ ըլլալը: Հոս Պետրոսին որբանոցին թիւը կ՛ըլլայ 323: Պետրոս այս որբանոցին մէջ կը մնայ 4 տարի` մինչեւ 1926:
Ըստ Պետրոս Պտղունիի`
– Որբանոցը կը վերածուի ուսումնական կեդրոնի մը: Հոն կը դասաւանդեն անուանի հայ ուսուցիչներ: Աշակերտներուն կ՛ուսուցանուի` հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզու, լեզուի տաղաչափութիւն, բարձրագոյն թուաբանութիւն, երգեցողութիւն, երաժշտութիւն, գծագրութիւն: Որբանոցը կ՛ունենայ տղոց երգչախումբ, որուն խմբավարը կ՛ըլլայ Կոմիտասի աշակերտներէն Յարութիւն Կիւլեսէրեանը եւ ետքը` հայաստանցի երաժիշտ պրն. Վարդան (մականունը անծանօթ): Երգչախումբը հանրութեան կը ներկայանայ քառաձայն երգացանկով, յատկապէս` կոմիտասեան երգերով: Հայր Արիս տեսնելով կարգ մը որբ աշակերտներուն ունեցած երաժշտական ձիրքերը` կ’ուղղէ զանոնք ջութակի եւ մանտոլինի դասընթացքներու: Ան ջութակ մը կը գնէ եւ զայն կը տրամադրէ Պետրոս Պտղունիին, որպէսզի հետեւի ջութակի դասերու:
– Հայր Արիսի որբանոցին մէջ որբերը կը սնանին շատ լաւ: Անոնց կը տրամադրուի մաքուր հագուստ, եւ կը տրուի բժշկական խնամք: Որբերը, իրենց դասերուն կողքին, կ՛ունենան կարճ եւ երկար գիւղագնացութիւններ: Որբանոցին մէջ կը կազմակերպուի սկաուտական առողջ կեանք: 1925-ին Պետրոս կը մասնակցի ամառնային մէկ ամսուան բանակում-գիւղագնացութեան: Սկաուտական խումբը կ՛այցելէ Լիբանանի լեռնային շրջաններու շատ մը գիւղերը, օրինակ` Զահլէ, Ռայաք, Պաալպեք եւ Սաննին: 1926-ի ամրան հայր Արիս խումբ մը որբերով կ՛ուղղուի դէպի Երուսաղէմ: Կ՛այցելեն` Բեթղեհէմ, Թիպերիոյ ծովափը, Նազարէթ եւ ուրիշ սրբավայրեր: Ուխտագնացութիւն մըն է, որ կը կատարեն, եւ որ կը տեւէ մէկ ամիս: Երուսաղէմի մէջ կ՛այցելեն Ս. Յակոբ հայկական վանքը եւ անոր թանգարանն ու մատենադարանը:
– Սկաուտական կեանքը որբանոցին մէջ եղած է շատ աշխուժ: Կատարած են բանակումներ, ուր երգած են հայերէն սկաուտական երգեր եւ հայրենասիրական ու ազգային երգեր:
– Որբերէն շատերը հայր Արիսի ցուցմունքներով որոշ գործարաններու մէջ սորված են զանազան արհեստներ եւ դարձած են վարպետ արհեստաւորներ: Հայր Արիս շարունակ եղած է որբերը քաջալերող եւ հոգատար հայր մը:
– Հայր Արիս նոյնիսկ որբերէն քանի մը հոգի ղրկած է Երուսաղէմ` հոն ուսանելու: Անոնք գացած են Երուսաղէմի ֆրանսական Ռաթիսպոն արհեստավարժական դպրոցը, ուր հետեւած են ելեկտրական արհեստի, գործնական եւ, տեսական դասերու կողքին, ունեցած են նաեւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներու դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ սորված են երաժշտութիւն:
– Երուսաղէմ ղրկուած որբերէն եղած է ինք` Պետրոս Մէյվալեանը: Ռաթիսպոն արհեստավարժարանին մէջ ան ուսանած է ելեկտրական արհեստի բաժինին մէջ: Ելեկտրական գործնական եւ տեսական դասերու կողքին, կանոնաւոր ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի ուսում ստացած է հոն: Հետեւած է նաեւ ջութակ նուագելու դասընթացքներու: Մինչեւ 1928 Պետրոս կը տիրանայ ելեկտրական նախնական եւ գործնական գիտելիքներու:
Պետրոս իր ջութակին հետ, Երուսաղէմ, 1926
Պետրոսին հօրը Հալէպէն ուղարկած յաջորդական նամակները եւ անոնց ցնցիչ բովանդակութիւնը կը ստիպեն, որ ան օգնութեան փութայ հօրը: Պէյրութ կը վերադառնայ եւ դարձեալ հայր Պօղոս Արիսի յանձնարարական նամակով մը, ուղղուած` վերջինիս Հալէպ բնակող եղբօր` երկրաչափ Ալպեր Արիսի, Պետրոս պաշտօնի կը կանչուի Հալէպի ելեկտրական ընկերութեան ներքին գիծերու սարքաւորման բաժինին մէջ: Պետրոս Պտղունի այս ընկերութեան մէջ կ՛աշխատի մինչեւ 1975:
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ, 24 ապրիլ 2018
Նիւթը՝ «Ազդակ»էն
——————-
Աղբիւրներ`
1.- Փիլաւճեան Սօսէ, «Արխիւային տեղեկութիւններ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ որբանոցին մասին», «Ազդակ» բացառիկ, 2010:
2.- Մէյվալեան-Պտղունի, Պետրոս, «Ինքնակենսագրութիւն եւ Հայկական ցեղասպանութեան արհաւիրքը», անձնական տեղեկութիւններ` փոխանցուած բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանին, 1985, Պէյրութ:
3.- Naslian, Jean, Mgr., Evequede Trebizonde, Les mémoires sur les événements politico-religieux en Proche-Orient de 1914-1928, Beyrouth, 1955..