image

Ռուսիոյ նախագահը Ամանորի առթիւ շնորհաւորած է Քոչարեանն ու Սարգսեանը

Ռուսիոյ նախագահը Ամանորի առթիւ շնորհաւորած է  Քոչարեանն ու Սարգսեանը

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է օտարերկրեայ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները՝ Սուրբ Ծննդեան եւ գալիք 2024 թուականի Ամանորի կապակցութեամբ։

Տեղեկութիւնը յայտնած է Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը։

Բացի այդ, Վլատիմիր Փութինը Սուրբ Ծննդեան եւ գալիք Ամանորի կապակցութեամբ շնորհաւորած է օտարերկրեայ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու շարք մը նախկին ղեկավարներ, մասնաւորապէս ՝ Ռոպերթ Քոչարեանը, Նուրսուլթան Նազարպաեւը, Սերժ Սարգսեանը, Նիքոլա Սարքոզին, Կերհարտ Շրէօտըրը: