Սրտանց կը շնորհաւորեմ Սթեֆան Սեժուրնէն արտաքին գործոց նախարար նշանակուելու կապակցութեամբ եւ իմ բարեմաղթանքները կը յղեմ իր բարձր առաքելութեան մէջ. այս մասին X-ի էջին գրած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը:
«Անհամբեր կը սպասեմ միասին աշխատելուն եւ հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնն ու գործընկերութիւնը ամրապնդելուն», - գրած է ան։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նոր նախարար նշանակուած է նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի «Վերածնունդ» կուսակցութեան առաջնորդ Սթեֆան Սեժուրնէն։ 38-ամեայ քաղաքական գործիչը «Վերածնունդ» կուսակցութիւնը կը ղեկավարէ 2022 թուականէն։
Ըստ լրատուամիջոցներու`ոչ աւանդական սեռական կողմնորոշում ունեցող Սեժուրնէն Ֆրանսայի նորանշանակ վարչապետ Կապրիէլ Աթթալի նախկին զուգընկերն է։