Սուրիոյ Հալէպէն եկած եւ այժմ Հոլանտա բնակութիւն հաստատած հայուհի՝ Արմանին, առանց յաւելեալ ջանքերու երեք աշխարհներ միաւորած է: 9 Յունիսին ան պիտի աւարտէ Կիրթէկէրքի HKU Utrechts Conservatorium-ը, ուր պիտի ներկայացնէ 3 աշխարհները՝ մէկ յարկի տակ:
Արմանի Սելիմեանի աւարտական համերգը
Արմանիի շուտով հրապարակուելիք թողարկումը, որ պիտի կը կրէ՝ ARMANI անունը: Այս երաժշտական ոդիսականը կ՚արտացոլացնէ կեանքի շրջադարձերն ու դարձուածքները՝ ցոյց տալով բարձունքներն ու անկումները, խորունկ բուժումն ու վերածնունդը:
Արմանիի հոգիի խորքը արմատացած է անդիմադրելի կոչը՝ փարելու իր երաժշտական ժառանգութեան ու արմատներուն՝ արձագանգելով Սուրիոյ պատերազմէն բաժան-բաժան եղած ժողովուրդին հաւաքական ցաւին: Այնուամենայնիւ, պատմութիւնը կը տարածուի այդ պայքարէն անդին, երբ ան իր առաջին այցը կը կատարէ մայր հայրենիք՝ Հայաստան, ուր կ՚ունենայ իր հոգիի զարթօնքը, պատկանելիութեան զգացումը, որ մանկութենէն սորված էր: Արմանիի պատմուածքին մէջ կայ համընդհանուր ցանկութիւն՝ հարթել կարծրատիպ եզրերը, ազատուիլ, վերագտնել ապրելու աշխոյժ զգացումը, ընդգրկել սեփական ինքնութիւնն ու լինելիութիւնը:
Սուրիոյ Հալէպէն եկած եւ այժմ Հոլանտա բնակութիւն հաստատած հայուհի՝ Արմանին, առանց յաւելեալ ջանքերու երեք աշխարհներ միաւորած է: 9 Յունիսին ան պիտի աւարտէ Կիրթէկէրքի HKU Utrechts Conservatorium-ը, ուր պիտի ներկայացնէ 3 աշխարհները՝ մէկ յարկի տակ: Այդ տեղի պիտի ունենայ ամբողջական շրջանակին ծիրէն ներս, որ պիտի աւարտի ճիշտ այնպէս, ինչպես սկսաւ, երբ ան շատ փոքր էր, Հալէպի իր սիրելի Հայ Աւետարանական Բեթել եկեղեցւոյ յարկին տակ, յօրինող եւ դաշնաւորող մօր՝ Շողակաթ Աբարթեան Սելիմեանի կողքին: Այդ երեկոյեան, զինք պիտի ուղեկցի լարային խումբը՝ խմբավարութեամբ կիթառահար Թայլըր Մաքքալոյին:
Արմանիի վերջին ստեղծագործութիւնը կը կոչուի «Եասմին», որ առաջին անգամ պիտի ներկայացուի աւարտական համերգի ընթացքին, երաժշտական ստեղծագործութիւն մըն է, որ կ՚ընդգծէ միասնութիւնը, մաքրութիւնը եւ կարօտը: Գործ մը Սուրիոյ պատկերը յիշելու եւ վերակենդանացնելու մասին իր ամենագեղեցիկ վառ գոյներու յիշողութեամբ: Այն ժամանակ, երբ ցաւ ու տառապանք չկար։ Կային տաք ձեռքեր, որոնց մեջ կարելի էր պահպանուիլ: Կար ամենաուժեղ ուսը, որու վրայ կարելի էր յենիլ: Սրտէն բխած խօսքեր, որոնք կ՚արտայայտեն երախտագիտութեան, յարգանքի եւ սիրոյ խորին զգացումներ հողին նկատմամբ, որ տարիներ եւ տարիներ շարունակ դարձած է եւ կը մնայ բազմաթիւ հայերու տունը:
Ի վերջոյ գաղափարը ներկառուցուած է Արմանիին կողմէ:
Երաժշտութիւնը եւ բանաստեղծութիւնը ստեղծուած են Արմանիին եւ անոր մօր՝ Շողակաթին կողմէ։
Լարային դաշնաւորումը կը պատկանի Արմանիին։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ շնորհաշատ եւ տաղանդաւոր հայուհին դուստրն է Սուրիոյ հայ Աւետարակական համայնքի պետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին։
Նիւթը «Արեւելք»ի համար թարգմանեց՝ Ն. Տաղլեան