image

«Ապու Մլհէմ» մը կ'ուզենք

«Ապու Մլհէմ» մը կ'ուզենք

Մեծ տաշտ մը կորեկը (pop corn), որ կը զետեղուէր նստասենեակին ճի՛շդ մէջտեղը փռուած գորգին վրայ, լաւագոյն միջոցն էր դուռ- դրացի մէկտեղելու, մանուկները ուրախացնելու, միաժամանակ լռիկ- մնջիկ հետեւելու լիբանանեան հեռատեսիլէն սփռուող յայտագիրներուն: Ոչ ոք կը դժգոհէր, որ նոյն կորեկի տաշտին մէջ տասը ձեռք կը խաղար, կամ ոչ ոք կը հարցաքննէր, եթէ ձեռքերդ նախապէս լուացած ես կամ ոչ: Զիրար հանդուրժելը, անհաշիւ բարեկամութիւնը եւ պարզութիւնը մեր կեանքին յատկանիշներն էին: Մեր կեանքը ըսելով նկատի ունիմ առնուազն կէս դար ետին մնացած տարիները, երբ մեր ցանկութիւններն ու պահանջքները շատ համեստ էին, իսկ գոհունակութեան սահմանումն ու չափանիշները՝ գրեթէ բոլորիս հասանելի:

Հեռատեսիլը իր սեւ- ճերմակ պաստառով, բարեկեցիկ տան մը շքեղութիւնը կը համարուէր եւ մեր կեանքին մէջ շատ նշանակալից տեղ կը գրաւէր: Նախագիծերու (programs) սփռման ժամերը շատ սահմանափակ էին։ Երեկոյեան ժամը վեցէն մինչեւ տասնմէկ, կամ առաւելագոյնը՝ տասներկու: Հեռատեսիլի սփռման տեւողութիւնը կը բնորոշուէր դրօշակէ- դրօշակ սահմանումով։ Իբրեւ նախերգանք ու աւարտ, երկու անգամ կը հնչէր Լիբանանի քայլերգը։ Մենք մեծ ոգեւորութեամբ կը լսէինք ու կ'երգէինք «Ալ Նաշիտ Ալուաթանին», իսկ մանուկները՝ հրճուանքով ու զինուորական բարեւով կը դիմաւորէին ճօճուող դրօշակը:

Սակաւաթիւ էին նաեւ հեռատեսիլի կայանները (channels), բայց զարմանալիօրէն կը բաւարարէին մեր հետաքրքրութիւնը եւ յափշտակութեամբ կը կլանուէինք սփռուած յայտագիրներով:

Ընթացիկ երեւոյթ էր համաշխարհային ճանաչում ունեցող գրողներուն գլուխ գործոցները արաբերէնի թարգմանելը եւ պատշաճեցնելը Լիբանանեան հեռատեսիլի պաստառին։ Գրական կտորը կը բեմականացուէր տասներեք մասով եւ կը սփռուէր տասներեք շաբթուան ընթացքին: Ամբողջ նախագիծին տեւողութեան բազմաթիւ անգամներ կը հնչէր նոյն դասական երաժշտական կտորը, որ իր կարգին կը գոհացնէր նրբաճաշակ ու երաժշտասէր փաղանգը։ Հոս կ'արժէ յիշել քանի մը օրինակ այդ հրաշալի սփռումներէն՝ Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառները» եւ «Նոթրտամի կուզը», Ակաթա Քրիսթիի «Տասը փոքր հնդիկները», Չարլզ Տիքընզի «Տէյվիտ Քափըրֆիլտը» Տոսթոյեւսքիի «Ապուշը», Շարլոթ Պրոնթէի «Ճէյն Էր»ը եւ այլն: Ակնառու էր լիբանանցի դերասաններուն գովելի խաղարկութիւնը եւ բացառիկ տիրապետումը իրենց դերերուն: Անոնք մեզի համար շատ սիրելի եւ գեղեցիկ էին. հոգ չէ, որ չունէին այսօրուան դերասաններուն տեսքը, շպարը եւ հագուստ- կապուստը, սակայն անոնք իրենց «պարզութեամբ» կը մարմնաւորէին մեր նոյնքան համեստ կեանքը:

Հեռատեսիլի գովազդներն ալ մեր կեանքին անբաժան մասնիկներ էին։ Հաճոյքով իւրացուցած էինք անոնց բովանդակութիւնն ու եղանակները եւ թութակներու նման ամենայն ճշգրտութեամբ կը կրկնէինք եւ կ'երգէինք։ Այդ օրերու գովազդները կը ծանուցէին համեստ կեանքի մը անհրաժեշտ պիտոյքները՝ կաթ, զովացուցիչ, օճառ, լուացքի փոշի եւ այլն: Հաւատացէ՛ք, մինչեւ օրս մեծ հաճոյք կը պատճառէ ինծի, երբ հաւաքներու ընթացքին իմ սերնդակիցներուս հետ կը «մանկանանք» յիշելով ու կապկելով մեր անցեալէն եկող շարան մը գովազդները:

Լիբանանի հեռատեսիլը նաեւ ունէր տեղական ուժերով գրուած ու բեմադրուած նախագիծեր, որոնք նոյնպէս այլազան էին եւ կը գոհացնէին բոլոր տեսակի ճաշակները: Խոնարհումս հեռատեսիլի բոլոր նուիրեալներուն, որոնք յանուն արուեստի ոչինչ խնայեցին եւ անշահախնդրօրէն տրամադրուեցան բեմին: Դժբախտաբար անոնց մեծամասնութիւնը ապրեցան անբարենպաստ ու չքաւոր պայմաններու մէջ...:

Ես այսօր պիտի կեդրոնանամ «Ապու Մլհէմ» տեղական յայտագիրին ու կերպարին վրայ:

«Ապու Մլհէմ»ը, նման իր համագիւղացիներուն, Ֆէսով ու շալուարով մարդ մըն էր, բայց կը զանազանուէր իր խոհեմութեամբ, իրատեսութեամբ եւ հաշտարար բնաւորութեամբ։ Ան բոլորէն սիրուած ու յարգուած էր եւ իր խրատը կամ խօսքը իր կշիռը ունէր։ Վաթսուն վայրկեան տեւողութեամբ «Ապու Մլհէմ» յայտագիրին յիսունութ վայրկեանները կը մարմնաւորէին ընդհարում մը, բանակռիւ (conflict) մը, որ իր պարունակին մէջ անլուծելի կը թուէր: Մարդիկ ատելութեամբ զիրար կը «յօշոտէին», անմիասնական ընտանիքներ ոխերիմ մարտեր կը մղէին, դրացիներ թաղը կռուախնձորի կը վերածէին եւ այսպէս սոսկալի մարտերէ ետք, վերջին երկու վայրկեաններուն՝ «Ապու Մլհէմ»ը կը յայտնուէր եւ կողմերուն իմաստալից ճառ մը կ'արտասանէր, բարեհամբոյր խրատ մը կու տար եւ յանկարծ կը լուծուէին խոր տարակարծութիւնները, ատելութիւնը եւ կռիւները։ Հետեւաբար, հրապարակը կը հանդարտէր եւ թշնամի կողմերը «փափուկ բամպակի» նման սիրայօժար իրարու կը փաթթուէին եւ կ'ողջագուրուէին:

Անդին սիրահարուած զոյգ մը կ'ըլլար, որոնց ծնողները մինչեւ «իրենց ծուծը» կը մերժէին իրենց աղջկան կամ տղուն ընտրած կեանքի ընկերը…։ Յանկարծ «Ապու Մլհէմ» ին «քաղցր» միջնորդութեամբ, կողմերը յօժարակամ ծնողներու եւ սիրալիր խնամիներու կը վերածուէին:

Քիչ մը անդին, «Ապու Մլհէմը» պարզ խրատով մը ժառանգորդներու միջեւ յառաջացած «թնճուկները կը քակէր», հաշտութեան հանգոյց կը կապէր եւ իր ներկայութեամբ խաղաղութիւն կը տիրէր:

Բնաւ չեմ մոռնար, երբ «Ապու Մլհէմ» եղէգներու խուրձ մը օգտագործելով համերաշխութեան պատգամ մը փոխանցեց։ Ան նախ եղէգ մը վերցուց եւ ամենայն դիւրութեամբ կոտրեց, ապա երբ խուրձով միացած եղէգները փորձեց կտրել՝ ձախողեցաւ: Հետեւաբար ան տուեալ օրինակով հաստատեց, որ միութիւնը զօրութիւն է։

Ատիպ հատտատ էր «Ապու Մլհէմ»ին իսկական անունը, իսկ իր կնոջ անունը՝ Սալուա Հատտատ: Երկուքն ալ լեռնալիբանանի Ալէյ գիւղէն, համալսարանաւարտ քաղաքացիներ էին։ Անոնք նշանաւոր դարձած էին «Ապու Մլհէմ» եւ «Ուրախալի իրիկուն ձեզի» (يسعد مساكم) յայտագիրներով։ Անոնք իրենց արտաքին տեսքով հրապուրիչ չէին, բայց լիբանանցի հանդիսատեսը գրաւած էին իրենց օրինակելի ամուսիններու կերպարով։ Անոնք զիրար լսել ու յարգել գիտէին, իրարու ժամանակ կը յատկացնէին եւ երկու սուրճի գաւաթով քաղցրն ու դառնը կը կիսէին: Իրենց տան մէջ սիրոյ, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան մթնոլորտ մը կը տիրէր:

•••

Երէկ, երբ Նահր Պէյրութի կամուրջին վրայէն կը քալէի, աչքիս առջեւ պարզուեցան բազմաթիւ երեւոյթներ, որոնք օրէնք- կանոնի եւ հրատապ լուծումներու կը կարօտին ...: Պիտի խուսափիմ երեւոյթները թուարկելէ, քանի որ շարքը պիտի երկարի եւ հասնի երկիրին մէջ կառավարութեան բացակայութեան, պետական հիմնարկներու անդամալուծութեան, տնտեսական տագնապին, սնանկութեան, անհամերաշխ ու տարատեսակ գաղափարներով քաղաքացիներու «համակեցութեան», ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւններու պատճառով կայացած թնճուկներուն...։

Հաւատացէ՛ք, որ այս բոլորը մեծ ցաւով կը թուեմ, որովհետեւ ծննդավայրս՝ Լիբանան, հրաշալի երկիր մըն է եւ կը զանազանուի իր գեղեցիկ բնութեամբ, բարեխառն կլիմայով, հարուստ պատմական կոթողներով, նրբաճաշակ արուեստներով, բազմազան արհեստներով եւ յատկապէս իր ջերմ ու կենսուրախ քաղաքացիներով։ Սակայն...

Յանկարծ հարցում մը ձեւաւորուեցաւ միտքիս մէջ: Արդեօք ո՞վ պիտի ըլլայ այն ղեկավարը, որ այս երկիրը պիտի փրկէ իր ապրած «գողգոթայէն» ու վերադարձնէ իր արժանի հունին…։

Չեմ գիտեր ինչպէս յիշողութեանս մէջէն դուրս ցայտեց «Ապու Մլհէմին» կերպարը, իր «մոգական գաւազանով», որ մէկ հարուածով կարենայ իտէալական Լիբանան մը ստեղծել…։ Դէմքիս վրայ ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ, մանկան մը միամիտ ու անմեղ ժպիտին նման եւ ես ինծի ըսի. «Ա՛խ երանի՜, ամէն բան դիւրին իրագործելի ըլլար եւ իբրեւ օրինակ մեր ղեկավարները ընդօրինակէին «Ապու Մլհէմ»ին կառուցողական հմտութիւնը եւ շինիչ գաղափարախօսութիւնը: Անոր նման ըլլային իրատես, դիւանագէտ ու խաղաղասէր, խմբուէին միասնականութեան ոգիով ու կորովով եւ յաղթահարէին մեր երկիրին դիմաց ծառացող բազմատեսակ տագնապները….»:

-Ա՜խ, «Ապու Մլհէ՛մ», ո՞ւր ես..., թէեւ դուն անցեալի պարզուկ եւ բարի գիւղացին էիր, բայց այսօրուան մեր ցանկալի «դիւցազն»ն ես: