Իսկ ե՞ս,
Ես կը հագնիմ իմ պապերուս
Ցաւերը մեծ՝ ամչնալով,
Քանզի չունիմ ո՛չ վէրք մարմնիս,
Ոչ ալ սուր մը խոցուած՝ սրտիս,
Բայց դեռ կ'ապրիմ իմ խելագար
Ու քարուքանդ կեանքըս անկախ,
Եւ կը յիշե՜մ...
Ու կը հոսի՜մ կայլակիս հետ,
Մասիս սարէս՝ մինչեւ Արցախ...
Ու կը հոսի՜ն..
Դեռ կը հոսին իմ այտերէս յուշերը հին,
Որ հաւատքի հետ մոխրացան
Դար մը առաջ՝ մէջ Տէրզօրի,
Եւ հիմա զանգերը կոչնակ՝
Մեղեդիներն պատարագի՝
Կը ղօղանջեն կայլակներու
Գլգըլումով արտասուքիս։
Պապերուս պատկանող՝
Երազներս են որ կը հոսին,
Երազներըս մէկ ու կէ՛ս միլիոն,
Քսան եւ չորս սեւ Ապրիլի,
Զոր կրեցին անունը վեհ՝
Հարիւրամեայ Մեծ Եղեռնի,
Որ մինչ այսօր կը կակազեն
Շուրթերն անարգ խուլ աշխարհի։
Ու կը հոսի՜ն,
Եւ կը խօսին հեկեկանքով՝ լոյս երկնքին,
Որ ինքզինքը խեղդած է լուռ
Կոտորածի սուրբ արիւնով,
Յանուն անվերջ՝ անմարդկային դաւ տենչանքին։
Ու կը հոսի՜ն, եւ դեռ կ'երգէ իմ ականջիս,
Արձագանգը մեր հի՜ն ու նոր ողբ ու լացին։
Իսկ ե՞ս,
Ես կը հագնիմ իմ պապերուս
Ցաւերը մեծ՝ ամչնալով,
Քանզի չունիմ ո՛չ վէրք մարմնիս,
Ոչ ալ սուր մը խոցուած՝ սրտիս,
Բայց դեռ կ'ապրիմ իմ խելագար
Ու քարուքանդ կեանքըս անկախ,
Եւ կը յիշե՜մ...
Ու կը հոսի՜մ կայլակիս հետ,
Մասիս սարէս՝ մինչեւ Արցախ...
ԿԱՅԼԱԿ