image

Այնճարի մէջ. Արծուիկ Մինասեան ելոյթ ունեցաւ «Միասնական ո՛չ հողային զիջումներուՆ» ընդհանուր խորագրով հանդիպումին

Այնճարի մէջ. Արծուիկ Մինասեան ելոյթ ունեցաւ «Միասնական ո՛չ հողային զիջումներուՆ» ընդհանուր խորագրով հանդիպումին

ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան, օրերս, այցելած է Այնճար եւ զեկուցական հանդիպում ունեցած Այնճարի հայութեան՝ Հայաստանի այսօրուայ իրավիճակի մասին։

Այս Մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Մուսալեռ-Այնճար դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար՝ ընկեր Արծուիկ Մինասեան,այցելեց Այնճար եւ զեկուցական հանդիպում մը ունեցաւ Այնճարի հայութեան հետ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնէն ներս,Հայաստանի այսօրուայ իրավիճակի մասին։

Ան ներկայացուց Հայաստանի քաղաքական վերջին իրադարձութիւններն ու զարգացումները,նկատելով որ հայ ժողովուրդի համբերութիւնը սպառած է եւ հիմնական փոփոխութիւններ կ'ակնկալուին։ Ազգային ժողովի պատգաւորը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ վերջին տարիներու իշխող ապազգային վարչակազմի ունեցած վնասակար գործունէութեան ,որ մեծ կորուստներու պատճառ դարձած է եւ սպառնալիք է հայրենիքի ապագային համար։Պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան մանրամասնօրէն պատասխանեց նաեւ ներկաներու բոլոր հարցումներուն' յոյս յայտնելով որ Տաւուշէն ծնունդ առած ժողովրդային շարժումը յուսադրիչ է եւ հայ ժողովուրդը իր վճռական որոշումը առած է։

Յայտնենք որ հանդիպումի ընթացքին ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմնի պատրաստած տեսաերիզը ժողովրդային շարժումի մասին,ինչպէս նաեւ ներկաները առիթ ունեցան լսելու "Հայաստան" խմբակցութեան ղեկավարներէն, նախկին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի խօսքը։ Ներկաները իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին ժողովրդային այս շարժումին' այն յոյսով որ շարժումը կը յաջողի ձերբազատիլ Փաշինեանի ազգակործան իշխանութենէն։