image

Փնտռելով մեր հերոսը

Փնտռելով մեր հերոսը

Ափրիկէի սրտէն կը խօսինք, Սոմալիի քաղաքացիական պատերազմէն, Եթովպիայի տագնապէն, կը խօսինք նոյնիսկ Սուտանի ներքին լարուածութեան մասին։ Մեր պաստառներուն մէջէն իրենց ձեռքերը մեզի կ՚երկարեն այդ վայրերու նուիրեալները։ Տեղ մը արիւնահեղ պատերազմ է, մահուան ճանապարհներէն քայլող բժիշկը համակ սիրտ կը բաշխէ ամէնքին։

Այլ երկիր մը բուժքոյրը իր յետմիջօրէները կը զարդարէ օգնելով իր ապրած շրջանի մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն։ Լոյսէն, երանգներէն ու արեւէն անդին կը խօսի յոյսի եւ աղօթելու ուժին մասին։ Երրորդը կ՚երաշխաւորէ Սոմալիի պայթումներուն հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած ու անդամահատուած զինուորներուն յատուկ կարիքները հոգացող կեդրոնի մը գործունէութիւնը։

Բոլոր տեսարանները մոխրագոյն են ու այս երեք տեսարաններու դերակատարները կը դառնան աշխարհին համար յայտնի դարձած «Աւրորա»ի մրցանակի հերոսներ։ Միտք բանին այն է, որ հայը չխօսի ինքն իր մասին, հայը կը խօսի իր ցաւի ուղեկիցին եւ մեծ հաշուով մարդկային պայքարի մը համար վիրաւորուած, արիւն կորսնցուցած, բայց մահուան վրայ կոխած ու անցած հերոսներուն մասին։ Այդ հերոսները կոչուած են մարդկային երանգներ տալ համահայկական մեծ երանգապնակին, որ աւանդականէն անդին իյնալով՝ կ՚եզրագծէ «աշխարհին հետ խօսելու» նոր մեթոտները։

Այս եղելութիւնները մինչեւ 2020 թուականը շատ հասկնալի եւ նոյնիսկ ընկալելի էին, սակայն, այսօրուան իրավիճակին մէջ շատ անհեթեթ կը թուի ըլլալ այն ինչ որ կ՚ընեն «Աւրորա»ի մարդիկը։ Հաւանաբար իրենք եւս մեծ առումով կը հասկնան այդ անհեթութեան պատճառները, սակայն, ունին «ծրագիր» մը ու այդ ծրագրին հիմամբ կ՚ուզեն ընթանալ։

Առանց չարակամութեան խազերուն մէջ մտնելու, հարկ է նաեւ յիշեցնել, որ «Աւրորա»ի հիմնադիր անդամներէն մեզմէ շատերուն քաջ յայտնի գործարար Ռուբէն Վարդանեան շաբաթներ առաջ «նոր նիւթով» մը հանդէս կու գար ու կը խօսէր «Արեւմտահայաստանի խնդիր»ին մասին։ Մատներս համակարգիչի play կոճակը սեղմելու ուժը կորսնցուցին՝ յատկապէս այն պատճառով, որ այդ տեսանիւթը աւելիով պիտի զայրացնէր զիս։ Լաւ, որքա՛ն կարելի է «յիմար»ի տեղ դնել հասարակութիւնը, որքա՛ն կարելի է մարդոց նուրբ թելերուն վրայ «խաղալ» եւ ի՛նչ իրաւունքով խօսիլ օրակարգի մը մասին, որ մանաւանդ՝ այս ժամանակներուն առնուազն «աւելորդ» կը համարուի (եւ սա մեղմ ըսած)։ Այդ նիւթը նուրբ է, յարգանքի արժանի, բայց բարձիթող ընել Հայաստանի եւ Արցախի այսօրուան խնդիրները ու խօսիլ կամ նոյնիսկ չըլլալիք ծրագիրներու մասին բերնի շարժումներ ընելը կտրականապէս մերժելի է։ Ի վերջոյ, ո՞վ կը խօսի այդ մասին, ինչո՞ւ կը խօսի եւ ի՞նչ նպատակներով է, որ կը խօսի... Այս ալ ուրիշ տիպի հանելուկ մըն է, ի հարկէ, որուն չ՚արժեր անդադառնալ: Անշուշտ, մեր ժողովուրդի ամենապարզ խաւերէն՝ մինչեւ ամենամտաւորական հատուածները, շատ լաւ կը հասկնան եղած-դարձածը ու գիտեն նաեւ, որ նոյնինքն «Աւրորա»ն առաջուան հմայքը չունի։ Ան ուղղուած է որոշակի «փակ շրջանակներ»ու եւ ձեւով մըն ալ կը լեցնէ տարբեր հարթակներու վրայ աճած հայ թէ օտար «Reach Club»ներու մէջ առկայ դատարկութիւնը։ Այդ պէտքերուն մէջ են երեւութական ձեւակերպումները, ատաղձ չունեցող մարդոց ընկալումները եւ այն ամէն ինչը, որմէ մեր ժողովուրդը ոչ մէկ օգուտ պիտի ունենայ։ Թերեւս շատերուն համար սիրելի են այդ հանդիպումները։ Թերեւս շատերուն համար ուրախութիւն եւ հոգեզմայլանք կը պատճառեն խրախճանքի նմանող այդ հանդիպումները, բայց եւ այնպէս այդտեղ մսխուած գումարները, «նետահարութիւն»ները եւ նոյնիսկ Հայաստան փութացող եւ իրենց բերնին մէջ անգլերէնը ծամօնի պէս դարձնող մարդկանց «սրտաճմլիկ» ճառերը օդին մէջ կը հալին...

Իսկ արդիւնքը կը մնայ մեծ զերօ մը, որ նաեւ չ՚անցնիր միջազգային մակարդակի ամենաաժան գիներով եղած «Rebranding»ի երեկոներու մակարդակը։

Փուչիկը կը մնայ տիրական, նաեւ կը մագլցի ազգի գլուխն ի վեր ու այս անգամ դատարկ փուչիկներու պայթումին ձայները կը կլանեն հայաշխարհի մեծ պարունակին մէջ իրենց տեղն ու դերը որոնող «ուղեղներ»ուն սրտերը։ Բոլորը զիրար կը սրտիկեն։ Սիրտեր կը կազմուին Դիմատետրի «պատեր»ուն վրայ, յետոյ այդ սրտիկները (կաս կարմիր) կը ճամբորդեն դիմատետրէն դուրս ու կը հասնին մինչեւ Ինսթա-ի բաց ու գոց պատուհանները։

Գիտէք, անշուշտ, որ այս բոլորին մէջ տիրական ներկայութիւն կը դառնայ Ամերիկայի հայկական «հարուստ» վերնախաւի ընդհանուր պարունակը։ Հարուստ իր գրպաններով, հարուստ իր դրամատնային հաշիւներու տասնեակ զերօներ պարունակող հաշուեհամարներով։ Հարուստ ըսածդ արդէն ամերիկեան «մեծ երազ»ին մէջէն վազողը կրնայ ըլլալ միայն, որ հեռուէն ամէն տեսակ քարոզ ու ճառ կը կարդայ մեզի՝ Հայաստանի մէջ «ծուարած»ներուս։ Ազգը ի վերջոյ կու գայ իր մեծ զիջումները տալու՝ այն ժողովուրդի փէշերուն, որ կերպով մը փողոց սպրդեցաւ ու ապրեցուց Հայաստանի «թաւիշ» անիրականութիւնը։ Թաւիշը, որ առանց չակերտներու գնաց մտաւ մեր տուները, մեզ պատրաստեց ահեղ ցաւերու ժամանակին, մեզ կոփեց, որպէսզի կարողանանք մեր մեծ մեռելները մէկ-մէկ հողին տալ Եռաբլուրի գագաթին եւ վերջապէս ըրաւ ամէն ինչ, որ մենք լիակատար կերպով «արժեւորենք» ժողովրդավարութեան «մեծ խորան»ը, որուն համար մենք երբեք պատրաստ չէինք։ Այդ թաւիշը, ի վերջոյ, ո՞ւր բուծանուեցաւ եւ ովքե՞ր էին անոնք, որոնք տարի առ տարի, ամիս առ ամիս եւ տիւ ու գիշեր պատրաստեցին մեծ զոհասեղանը, որուն վրայ պիտի զոհէին ժողովուրդի ամենապարզ խաւին ծաղիկները։ Միթէ ծաղիկներ չէի՞ն այդ տղաքը, որոնք առանց իմանալու, թէ դէպի մահ կը վազեն, թողուցին ամէն ինչ, թողուցին կին ու երեխայ, թողուցին ալեհեր պապ, քոյր, մայր ու զաւակ ու նետեցուան կրակին մէջ։

Փոշի դարձաւ մեր ժողովուրդը։ Փոշի դարձան մեր երազները ու այնպէս մը պատրաստեցին այս սեւով պատուած ժապաւէնը, որ այսօր մենք բոլորով սկսանք զիրար հալածել։ Խելառի կերպարանքով ինկանք փողոցները, խենթի ժրաջանութեամբ ինկանք դռնէ-դուռ եւ հիմա ալ մեծ մեղաւորը փնտռելու ճանապարհին կը շարունակենք մեր «յայտնագործական» մեղանչումները։ Աթոռը կը մնայ հրապարակին ճիշդ կեդրոնը, մենք աթոռին շուրջ կը դառնանք, աթոռին վրայ նստած է ԱՆ մը, որ չի ալ հասկնար եղածին ողբերգականութիւնը։ Գիրով եկած մարդը աւելի խոր վէրքեր տուաւ հայոց աշխարհին ու այսօր անորոշութեան մեծ բաւիղին մէջ ամէն օր կը փոքրանայ մեր Հայաստանը։ Հայաստանը մեծ չէ իր տարածքով, ան մե՛ծ է իր որդիներուն հաւատքով։

Այսօր այդ հաւատքը կը սառի։ Հայաստանը մեծ չէ իր տնտեսութեան թիւերով, ճարտարարուեստով, գինեգործարաններով կամ գորգի հաստոցներով, այլ մե՛ծ է իր կամքով, իր խելացի հայեացքով ու մե՛ծ է իր հեռուն նայող աչքերով... Այսօր սակայն այս մեծ անորոշութեան մէջ այդ աչքերն են, որ կը սառին, այդ եռանդն է, որ կը կասի եւ մանաւանդ՝ այս հողին հանդէպ սէրն է, որ կը մսի։

Այո՛, Հայաստանի մէջ այսօր բոլորս կը մսինք, մեր բոլորի ոգին բռնուած է ցաւի կափարիչներով ու այդ կափարիչները մեզ նետած են մեր պատմութեան ամենախորունկ տարտարոսներուն մէջ։ Մենք, ճիշդ է, որ մահէն չենք վախնար (ու իցի՜ւ թէ վախնայինք), սակայն կը սոսկանք մեր որդիներուն ահէն, կը սոսկանք գետին իյնալէն, կը սոսկանք համընդհանուր կորուստէն ու շուարածութենէն։ Այսօր Հայաստանը շփոթահար է, շփոթը սլացիկ նետի մը նման խրուած է մեր մարմին մէջ ու իր հետ դէպի մութը կ՚ուզէ տանիլ մեր հիւսկէնները... Բնազանցական եւ երկսայրի հատուած մը եղաւ այս եղերերգութիւնը, որուն աւարտը պիտի մօտեցնեմ վերջին տողերուն համար, որ գուցէ Նոր տարուան շղարշին հետ մեզի յոյսի մանանեխի հատիկներ բերէ։

Մենք ճաշակենք այդ հատիկները, մեր մէջէն հոսի եւ երթայ ցաւն ու կորուստի այս ահաւոր ժամանակը։ Ու մենք ապրինք նորածին դաւիթներու, սերոբներու, մհերներու եւ գէորգներու քաղցրութեան ժպիտը։

Այնժամ մենք պիտի գտնենք մեր հերոսը, պիտի նստինք անոր դիմաց, պիտի խօսինք անոր հետ եւ զինք պիտի կոչենք մեր մարդկութեան հերոսը։ Ինչ որ մերն է՝ դարձնենք թանկ, ինչ որ մեզի տրուած է՝ որպէս սէր եւ աղօթք, վերադարձնենք Աստուծոյ։ Այն ատեն մենք՝ ինչպէս ամէն անգամ, գալիք գարուններու երազներով պիտի լեցուինք, պիտի խօսինք աշխարհին հետ այդ լեզուով ու պարզապէս պիտի ըլլա՛նք։

 

Սագօ Արեան

 «Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...