«Ես զաւակն եմ այս երկրին եւ ծնունդով ստացուած ժառանգութիւնները նուիրական կ՛ըլլան, եւ մարդ երբեք սրտով չի հրաժարիր անոնցմէ, թէ իսկ իր կամքէն անկախ, կեանքի պարագաներու պարտադրանքին տակ, զրկուած ըլլայ բնական այդ իրաւունքէն: Մարդուն լաւագոյն յիշատակները եւ սիրտը միշտ կապուած կը մնան իր ծննդավայրին: Ուստի, պաշտօնական այս առիթով կը խնդրեմ, որ մեր բարեխնամ կառավարութիւնը վերստին շնորհէ ինծի իմ ունեցած նախկին քաղաքացիական առանձնաշնորհումը»:
Երջանկայիշատակ Կոստանդնուպոլսոյ Տ. Շնորհք Պատրիարք Եոզկատցի
Ինչքան դժուար պիտի ըլլար նայիլ Գում Գաբույի «սրտին» վրայ բարձրացած կառոյցի պատուհանէն։
Երբ քարեր կը նետուէին, կամ այլ առթիւ ալ փայտի տաշեղ կը դրուէր մայթեզրին, որպէսզի կրակի տրուի ամբողջ պատրիարքարանը։
Հոն լուսաւոր այդ սենեակին մէջ իր պարթեւ ու վսեմական հասակով կանգնած էր Շնորհք պատրիարք. 82-րդը Թուրքիոյ հայոց պատրիարքներուն, որուն շունչն ու ոգին դեռ մինչեւ մեր օրերը կը շարունակեն տարածուիլ Պոլսոյ հայկական բոլոր եկեղցիներուն ու սրահներուն մէջ։
Ասկէ առաջ ալ շատեր գրած են, թէ ինչքան բարդ ու դժուարին ժամանակներու ընթացքին պաշտօնավարած է Պատրիարքը, երբ դուրսն ու ներսը, իւրաքանչիւրը իր պատուհանէն նիզակներ կ՚արձակէին Պոլսոյ հայոց եկեղեցիին, հետեւաբար անոր գահակալին ուղղութեամբ։
Կը խօսինք յատկապէս 70-ականներու մասին, երբ աշխարհով մէկ Թուրք դեսպանները մէկը միւսին ետեւէն արդարհատոյց գնդակներով կ՚իյնային այդպիսով ալ արեան հետքեր թողելով Եւրոպայի շքեղ ոստաններու հրապարակներուն։
Եղած դէպքերն անշուշտ իրենց ծանր հետեւանքները կ՚ունենային Թուրքիոյ հայոց եւ ի մասնաւորի Պոլսոյ հայութեան վրայ, ուր տիրական կը դառնային վախն ու սպասողականութիւնը, այն առումով, որ այդ երկրի ազգայնականները ինչ-ինչ ճանապարհներով պիտի փորձէին «ծունկի բերել» իր հողին կառչած պոլսահայութիւնը։
Սեւ ամպեր էին ամէնուր տարածուած որոնց դիմաց ալ Եոզկատցի Շնորհք Պատրիարքը կը թիավարէր, տեղ մը ստեւածածկ ու հաստ զգեստ մը կրելով, , տեղ մը լրագրողներուն «գրոհներ»ուն դիմակայելով ու յաճախ ալ Սփիւռքի հայերուն «հանդարտեցէ՛ք, որ խաղաղութեամբ ապրինք» ոճով պատրաստուած ուղերձներ յղելով։
Նախքան այդ փուլին հասնիլը, Շնորհք պատրիարք 1967-ին անակնկալ կերպով Երուսաղէմի վանքէն գողցուած ու աճուրդի հանուած 23 ձեռագիրներու հարցով զրպարտութեան մը հետ դէմ յանդիման կը մնար: Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեան այս գողութենէն պատասխանատու հռչակեց Շնորհք պատրիարքը, այս ուղղութեամբ ալ վճիռ մը արձակել տուաւ Յորդանանի դատարաններէն մէկուն` պնդելով, թէ ձեռագիրները Երուսաղէմէն գողցուած էին Շնորհք սրբազանի Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի լուսարարապետութեան շրջանին: Շնորհք պատրիարք այնուհետեւ ժամանակ եւ աշխատանք վատնեց փաստելու համար իր անմեղութիւնը այս տխրահռչակ խնդրին մէջ եւ դիմակազերծ ըրաւ գողութեան բուն հեղինակները: Այս ուղղութեամբ ալ 1969 թուականին հրատարակեց 366 էջերէ բաղկացեալ հատոր մը` «Ձեռագիրներու գողութեան գայթակղութիւնը» խորագրին տակ:
Ինչքան անարդար էր այդ տեսարանը, բայց եւ այնքան ալ հզօր եւ ուժեղ կը շարունակէր մնալ Շնորհք Պատրիարքը, որ իր անմեղ ըլլալը ապացուցելու նպատակով համոզիչ ճիգերը ի մի կը բերէր եւ այդպիսով ալ կը փրկէր իր ու մեր եկեղեցիին վարկն ու անունը ։
Պատրիարքին մասին կարդալու ժամանակ ամէնաուշագրաւ հատուածը անոր սէրն էր դէպի իւրայինը, դէպի հայոց գաւառները, ուր դեռ կային հազարաւոր հայորդիներ, որոնք ծարաւն ունէին իրենց արմատներուն, ինքնութեան որոնումներու մէջ էին ու տեսակ մըն ալ կը սպասէին առաքեալի մը, որ իրենց համար «փրկութեան» ճանապարհը ցոյց պիտի տար։
Եւ այսպէս 20 յունիս 1969-ին Շնորհք պատրիարք հովուապետական այցելութիւն կը կատարէր դէպի Թուրքիոյ գաւառները։ Կ՚այցելէր Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր կը մատուցէր առաջին Սուրբ եւ Անմահ պատարագը երկար տարիներու բացակայութիւնէ ետք։ Հոն, Շնորհք պատրիարքի հովանիին ներքեւ կը համախմբւէին Թոքատի, Ամասիոյ եւ Սեբաստիոյ հայութիւնը: Ապա Կեսարիայէն կ՚անցնէր Մալաթիա, Էլազըղ եւ Տիգրանակերտ, Մարտին, Ալեքսանտրեթ, Գըրըգխան, Վագըֆ գիւղ, Մերսին` հիմնական նպատակ ունենալով փրկել այդ հողերուն վրայ ապրող մեր ազգակիցներու մնացորդացը։ Գաւառի հայութիւնը միշտ իր սրտին պահած ան յաջորդաբար հովուական այցելութիւններ կու տար 1977-ին 1985-ին 1987-ին եւ վերջինը` 1989 թուականին։
Շնորհք պատրիարք, ցասումի, անցեալէն եկած ցաւի ու տառապանքի երկաթեայ շղթան իր պարանոցին ու կերպով մըն ալ ուժասպառ իր շուրթերը կը մօտեցնէր իր ծննդավայր՝ Եոզկատի Իյտալի գիւղի արուակներուն ու երկար շունչ մը քաշելով կը խմէր մանկութեան վերյուշով։
Պատահական չէին այդ այցելութիւնները եւ արեւմտեան Հայաստանի շէները՝ գաւառները այցելելով, ամէն այցի հետ, նոր ոգի, նոր եռանդ եւ նոր ուժ կը հաղորդէր իրենց ճակագատրին հետ անհաշտ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։
Նոր ճանապարհ մըն էր կը բանար Շնորհք պատրիարքը եւ այդ ճանապարհը կաթիլ-կաթիլ կը հոսէր մինչեւ Իսթանպուլ, առիթ տալով որ իսլամացուած հայորդիներէն շատ- շատերը ունենան նոր կեանք։
Առանց աղմուկի, Աստուածահաճոյ ու նաեւ մարդահաւաքի այս գործին մէջ պատրիարքը կ՚ունենար մեծ ներդրում։
Մէկը, որ մանկութեան տարիներուն ստիպուած եղած էր հեռանալ իր բննօրանէն կը խօսէր իր մանկութեան հարեւաններուն հետ, կը շփուէր թուրքին ու քիւրտին հետ ու աւելի զօրեղացած կը վերադառնար Պոլիս դարձեալ հովուելու, քարոզելու, այցելելու, աղօթելու ու Քրիստոսաւանդ հաւատքի վկայութիւնը տալու։
Տեսնես ինչպիսին պիտի ըլլային Շնորհք պատրիարքին վսեմական հայացքը, մտածումն ու խօսքը երբ այսօր եւս գաղթականութեան, լքումի եւ հողէն հեռացողներու նոր լեղի պատմութիւնները պաշարած են մեր աշխարհը։
Կամ ինչ բառերով պիտի խօսէր Պաքուի իշխանաւորներուն հետ ան, որոնք ամէն օր կը սպառնան Հայաստանին ու հայութեան։
Պատրիարքը, որ հագած էր Օրմանեանի շապիկը, շատ լաւ կը հասկնար , թէ ինչ ըսել է ապրիլ սուլթաններու ժառանգորդներուն հետ, այսօր ալ պիտի կարողանար իր խօսքն ու պատգամը տալ բոլորին։
Պատրիարքի անձնազոհ եւ վսեմական կերպարին մասին ուշագրաւ վկայութիւն մը տուած պոլսահայ մամուլի երկարամեայ մշակներէն՝ Մաքրուհի Յակոբեան, որ Պատրարքին նուիրուած եւ «Շնորհք Արք. Գալուստեան հայ եկեղեցական կեանքի լուսապայծառ դէմքը» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ մասնաւորապէս կը գրէ ՝«Շնորհք պատրիարք իր աթոռին հեղինակութիւնը պահեց իր բարձրակէտին վրայ: Երբեք չփակուեցաւ պատրիարքարանի պատերուն մէջ: Իր կարեւորագոյն եւ սիրելի յատկութիւններէն մէկը եղաւ մտնել ժողովուրդին մէջ եւ ըլլալ ժողովուրդին հետ: Սակայն երբեք չաժանցուց ժողովուրդին հետ միասնութիւնը, միշտ մնաց պատրիարքի պատկառելիութեան մէջ եւ ամէնուրեք իրեն հետ տարաւ պատրիարքի ծանրութիւնը: Ունէր պատկառանք ներշնչող քալուածք ու կեցուածք, խորաթափանց նայուածք, կուռ ու հնչեղ ձայն: Սրահներէն ներս կը մտնէր նահապետի տիրականութեամբ եւ հոգեւոր տիրոջ շնորհով:
Հոգեւորականի մասնայատուկ հմայք մը ունէր: Ժողովուրդին ծառայելու խանդավառութեամբ տոգորուած` մաքուր եւ անբասիր հոգեւորականի ցոլացումն էր այդ հմայքը:
Շնորհք պատրիարք հոգիներու ազդեց հայրագորով եւ գթառատ բարութեամբ, քրիստոնէական սիրով եւ տոհմային հարազատ ապրումներով:
Շնորհիւ իր այս մասնայատկութիւններուն, Շնորհք պատրիարք ո՛չ միայն համայնքը կապուած պահեց իրեն, այլ իր անձը սիրելի դարձուց երկրին քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն»։
Շնորհք պատրիարք ժողովուրդէն կու գար ու անոր համար ալ կը մնար սիրուած ու կը դառնար ժողովուրդէն մասնիկ մը։
Միայն ճամբորդութիւններու, յաւուր պատշաճի քարոզներու, ուղերձներու ու ժողովներու պատրիարքը, կամ կրօնականը չէր, այլ ժողովուրդի կրօնաւորն էր, յար եւ նման Կիպրոսի Յունաց եկեղեցւոյ Մակարիոս Արքեպիսկոպոսին կամ Լիբանանի Մարոնիներու՝ Սֆէյր պատրիարքին. կրօնաւորներ, որոնց մեծագոյն հմայքը ոսկեկուռ եւ ադամանդներով զեղուն ասաներն ու խաչերը չեն, այլ ժողովուրդի մեծ սէրն ու սիրտը, որուն մէջ ալ մինչեւ օրս կայ Շնորհք պատրիարքէն մասնիկ մը, աղօթք մը, մասունք մը եւ խունկի բոյր մը։
Ինչքան կարիքն ունինք այսօր Շնորհք պատրիարքներու ու թերեւս ատոր համար է, որ այս ոգեկոչումը կ՚ընենք, այն յոյսով ու հաւատքով, որ մեր դարաւաոր եկեղեցւոյ սրտին մէջ պահուած գոհարները կամաց-կամաց կը հասնին մեզի ու այսպէս ամբողջ ժողովուրդով ու ամբողջ հայութեամբ արդարօէն կը խօսինք այդ ապրումին համար, այդ աղօթքին, ու այդ երազին համար։ Ոչ մէկ անգամ Շնորհք պատրիարքի դատի ու դատաստանի լեզուով խօսեցաւ։ Ան խօսեցաւ դարաւոր հողին մասին, եւ այդ հողին վրայ գործուած դարաւոր սխալները սրբագրելուն մասին ...։
Ան խօսեցաւ առանց պարտադրանքի, այլ սիրելով, հասկնալով ու մանաւանդ այդ հողին վրայ ոտքի մնալով։
Շնորհք պատրիարքի գահակալութիւն. Քսանինը տարիներ նուիրումի, վկայութեան եւ աշխատանքի տարիներ, ուր ծաղկեցաւ ոչ միայն Պոլսոյ Հայոց եկեղեցին այլ ողջ համայնքը ապրեցաւ ոսկեդարու ժամանակներ։
Սագօ Արեան