image

Փելէին՝ վերջին հրաժեշտ

Փելէին՝  վերջին հրաժեշտ

«Սանթոսի» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած է ֆութպոլի աստղ Փելէի հրաժեշտի արարողութիւնը։

Արարողութեան ներկայ եղած են ֆութպոլային աշխարհի ներկայացուցիչներ, այդ շարքին ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճանի Ինֆանթինոն։

Հրաժեշտի արարողութենէն ետք Սանթոսի փողոցներով երթ պիտի կայանայ։

Յուղարկաւորութեան արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, ներկայ պիտի ըլլան միայն ֆութպոլիստի ընտանիքն ու մտերիմները։