«Սանթոսի» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած է ֆութպոլի աստղ Փելէի հրաժեշտի արարողութիւնը։
Արարողութեան ներկայ եղած են ֆութպոլային աշխարհի ներկայացուցիչներ, այդ շարքին ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճանի Ինֆանթինոն։
Հրաժեշտի արարողութենէն ետք Սանթոսի փողոցներով երթ պիտի կայանայ։
Յուղարկաւորութեան արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, ներկայ պիտի ըլլան միայն ֆութպոլիստի ընտանիքն ու մտերիմները։





