Մոսկուան միանգամայն սադրիչ կը համարէ 17 հոկտեմբերին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը Եւրոխորհրդարանին մէջ: Ինչպէս գրած է ԹԱՍՍ-ը, այս մասին ըսած է Մոսկուայի մէջ բարձրաստիճան աղբիւրը։
Յատկանշական է, որ նոյն տեղեկութիւնը հրապարակած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն՝ նոյն աղբիւրին յղումով:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Հայաստանի վարչապետը «մեծ քայլերով կ'երթայ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի ճանապարհով»։
«Հոկտեմբեր 17-ին Եւրոխորհրդարանի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը կը համարենք միանգամայն անպատասխանատու եւ սադրիչ, յատկապէս Ռուսիոյ եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու առնչութեամբ: Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս Հայաստանը կը փորձեն վերածել երրորդ Ուքրանիոյ, եթէ Մոլտովան համարենք երկրորդ Ուքրանիան, իսկ Փաշինեանը եօթ մղոնանոց քայլերով կ'երթայ Վլատիմիր Զելենսքիի ճանապարհով»,-ըսած է աղբիւրը։