image

Հայաստանը նոր աթոմակայան կառուցելու շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ. Եղոյեան

Հայաստանը նոր աթոմակայան կառուցելու շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ. Եղոյեան

 

Հայկական աթոմակայանը նախատեսուած է շահագործել մինչեւ 2036 թուականը, իսկ Հայաստանը նոր աթոմակայան կառուցելու հարցին շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ շարք մը միջազգային գործընկերներու հետ։

Այս մասին ըսած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Եղոյեան՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ Հայաստանի աթոմակայանը վաղ թէ ուշ պէտք է փակուի։

«Ատոմակայանն ունի շահագործման ժամկէտ։ Այդ ժամկէտը չի որոշում ո՛չ Հայաստանի կառավարութիւնը, ո՛չ Ադրբեջանի կառավարութիւնը, ո՛չ էլ աշխարհում որեւէ կառավարութիւն, քանի որ դա ատոմակայանի ֆիզիկական շահագործման թոյլատրելի առաւելագոյն ժամկէտն է։ Այդ ժամկէտը 2036 թուականն է։

Ալիեւը չի արել այդ գիւտը։ Դա փաստաթղթերով արդէն սահմանուած ժամկէտն է՝ 2036 թուականը՝ մեր ատոմակայանի շահագործման առաւելագոյն ժամկէտը։ Մենք արդէն յայտարարել ենք, որ մտածում ենք նոր ատոմակայան կառուցելու մասին եւ բանակցութիւններ ենք վարում մի շարք միջազգային գործընկերների հետ»,- ըսած է Եղոյեանը։

Պատգամաւորը աւելցուցած է, որ աթոմակայանի վերաբերեալ դրոյթ կայ նաեւ 2017 թուականին ստորագրուած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին մէջ։

«Ոչ թէ համաձայնագիրն է որոշել, որ այդ ժամկէտը կայ, այլ, քանի որ այդ ժամկէտը կայ, այն արտացոլուել է համաձայնագրում։ Բայց նաեւ նշուել է, որ ատոմակայանը պէտք է փոխարինուի համարժէք այլ հզօրութեամբ»,- նշած է Եղոյեանը։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Օգոստոս 11-ին յայտարարած է TRIPP նախագիծի շրջածիրէն ներս Հայաստանի տարածքով ելեկտրահաղորդման գիծերու անցկացման ծրագիրի նախապատրաստման մասին։ Ալիեւ այս պարունակին մէջ յայտարարած է, որ «սա ձեռնտու պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի համար, քանի որ Հայաստանի ուժանիւթի պաշարը հիմնական կ՚ապահովէ աթոմակայանը, իսկ ան վաղ թէ ուշ պիտի փակուի, եւ երկիրը այլընտրանքային աղբիւրներու կարիք պիտի ունենայ, որպէսզի ուժանիւթի ճգնաժամի առջեւ չկանգնի»։

 

Յիշեցնենք, որ Հայաստանը արդէն յայտարարած է, որ աշխատանքներ կը տանի Մեծամօրի աթոմակայանի գործունէութեան ժամկէտը մինչեւ 2036 թուական երկարաձգելու ուղղութեամբ, իսկ մինչ այդ քայլեր պիտի ձեռնարկուին նոր աթոմակայան կառուցելու ուղղութեամբ։

Արդէն իսկ որոշուած է, որ նոր աթոմակայանը պիտի ըլլայ մոտուլային տիպի։ Հայաստանը նոր աթոմակայանի կառուցման շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ հինգ երկիրներու՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Հարաւային Քորէայի հետ։