image

Փաշինեանի ելոյթը Եւրոխորհրդարանի մէջ սադրիչ էր. ան կ'երթայ Զելենսքիի ճանապարհով.Արձագանգ Ռուսաստանէն

Փաշինեանի ելոյթը Եւրոխորհրդարանի մէջ սադրիչ էր. ան կ'երթայ Զելենսքիի ճանապարհով.Արձագանգ Ռուսաստանէն

Մոսկուան միանգամայն սադրիչ կը համարէ 17 հոկտեմբերին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը Եւրոխորհրդարանին մէջ: Ինչպէս գրած է ԹԱՍՍ-ը, այս մասին ըսած է Մոսկուայի մէջ բարձրաստիճան աղբիւրը։

Յատկանշական է, որ նոյն տեղեկութիւնը հրապարակած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն՝ նոյն աղբիւրին յղումով: 

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Հայաստանի վարչապետը «մեծ քայլերով կ'երթայ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի ճանապարհով»։

«Հոկտեմբեր 17-ին Եւրոխորհրդարանի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը կը համարենք միանգամայն անպատասխանատու եւ սադրիչ, յատկապէս Ռուսիոյ եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու առնչութեամբ: Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս Հայաստանը կը փորձեն վերածել երրորդ Ուքրանիոյ, եթէ Մոլտովան համարենք երկրորդ Ուքրանիան, իսկ Փաշինեանը եօթ մղոնանոց քայլերով կ'երթայ Վլատիմիր Զելենսքիի ճանապարհով»,-ըսած է աղբիւրը։